ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանին հրաւէրին ընդառաջ՝ յառաջիկայ շաբաթ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս վար-չապետին պաշտօնական այցը նախատեսուած է Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբերին։ Կարէն Կարապետեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ Երեւանի մէջ պիտի ունենան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ պիտի գլխաւորեն ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ պիտի ստորագրուին շարք մը փաստաթուղթեր։ Կը հաղորդուի, որ այդ փաստաթուղթերը պիտի ունենան երկկողմանի համագործակցութիւնը խթանելու նպատակ։ Կարապետեան եւ Մետվետեւ պիտի անդրադառնան երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն, ներ-դրումային ծրագրերուն, արդիւնաբերութեան ու մարդասիրութեան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան։ Վարչապետները աչքէ պիտի անցընեն նաեւ զանազան բնագաւառներէ ներս հա-մատեղ խոշոր ծրագրերու իրականացման ընթացքը։ Տիմիթրի Մետվետեւ պիտի հիւրընկալուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։

Պաշտօնական այցելութեան ծրագրի աւարտին, օր մը վերջ, Տիմիթրի Մետվետեւ Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու վարչապետներու հաւաքին։ Այսպէս, Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ժողովը նախատեսուած աշխատանքները պիտի իրականացնէ Կարէն Կարապետեանի տանտիրութեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017