ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑԵՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Արցախի թէժ մարտերու մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը բազմակողմանի աշխատանք կը տանի ճգնաժամային իրավիճակը կառավարելու առաջադրութեամբ։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց արտահերթ ժողով մը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած նիստին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ խորհուրդի կազմէն դուրս այլ կարգ մը խորհրդարանականներ՝ բոլորն ալ բացառութեան կարգով։ Վեհափառ Հայրապետը ժողովի ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուց նահատակներու հոգւոյն հանգստութեան համար։ Ժողովի տեւողութեան քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, աչքէ անցուեցան այն քայլերը, որոնք հայկական կողմը կը նախատեսէ յարձակումներուն հակազդելու համար։

Հայաստանի կառավարութենէն ներս, երէկ, Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ երկրի արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Սա այս ձեւաչափով երկրորդ հանդիպումն էր Արցախի մէջ լայնածաւալ պատերազմի վերսկսելէն ի վեր։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ալ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, նախարար Զօհրապ Մնացականեան տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ պետութիւններու կամ միջազգային կառոյցներու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Մնացականեանի կողքին էին Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան եւ Արցախի մարդու իրաւանց պաշտպան Արտակ Բեգլարեան։ Մնացականեան պատերազմի սկիզբէն ի վեր արդէն երկրորդ անգամ մէկտեղուեցաւ Երեւանի օտարերկրեայ դեսպաններուն հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, երէկուան հանդիպման նպատակն էր հանգամանօրէն ներկայացնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրադրութիւնը եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ բռնութեան մարդասիրական հետեւանքները։ Ամփոփելով հանդիպումը՝ Զօհրապ Մնացականեան նշեց, որ այս պատերազմը նախապէս ծրագրուած էր։ Սա տասնամեակներու ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած՝ Արցախի ժողովուրդը մեկուսացնելու եւ իր պատմական հայրենիքին մէջ բնաջնջելու ուղղեալ շարունակական քաղաքականութեան դրսեւորումն է։ Մնացականեան մատնանշեց, որ Ատրպէյճանի բռնութիւնը այս ծաւալներուն պիտի չհասնէր, եթէ Թուրքիա անմիջականօրէն ներգրաւուած չըլլար այս հակամարտութեան՝ իր քաղաքական ու ռազմաթեքնիկ ներուժով։

Միւս կողմէ, Երեւանի կեդրոնին մէջ երէկ բողոքի մեծ ցոյցեր տեղի ունեցան եւ ցուցարարները մասնաւորապէս համախմբուեցան ՄԱԿ-ի Հայաստանի առաքելութեան կեդրոնին եւ Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան առջեւ։ Ցուցարարները բողոք յայտնեցին Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական ծանր կացութեան դիմաց միջազգային հանրութեան լռութեան պատճառով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020