ՃԱԿԱՏԻ ՎՐԱՅ ՄԻՇՏ ԹԷԺ ՄԱՐՏԵՐ

Արցախի ճակատին վրայ լայնածաւալ պատերազմը ընթացքի մէջ է։ Ամէն վայրկեան թէժ մարտերու վերաբերեալ լուրեր կը հասնին ռազմաճակատէն։ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, երէկ երեկոյեան, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ օրուան տեւողութեան առաջնագծի հարաւային ուղղութեամբ շարունակուած են տեւական ծանր մարտերը։ Ըստ էութեան, կողմերը դիրքային փոփոխութիւններ, զօրաշարժեր եւ ընդհանուր առմամբ փոփոխութիւններ գրեթէ չեն ունեցած։ Ինչպէս կը պատահի պատերազմի սկիզբէն ի վեր, երէկ երեկոյեան ժամերուն մարտերու ուժգնութիւնը որոշ չափով թուլացած է, սակայն առաւօտուն վերստին կռիւները սաստկացած են։

Երեւանի եւ Ստեփանակերտի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու գործողութիւնները կը թիրախաւորեն ռազմաճակատի յատկապէս հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւնները։ Արցախի նախագահի բանբերը՝ Վահրամ Պօղոսեան տեղեկացուց, որ մասնաւորապէս հարաւային ուղղութեան վրայ՝ Իշխանաձորի հատուածէն ներս պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ծանր մարտեր կը մղեն։ Ըստ իրեն, ռազմաճակատի հիւսիսային հատուածէն ներս Ատրպէյճան նոյնիսկ մէկ սանդիմեթր յառաջ չէ կրցած շարժիլ եւ կրած է մեծ կորուստներ։ Պօղոսեան յիշեցուց, որ վճռական ժամանակահատուած մըն է։ Պաշտօնական յայտարարութիւններէն կարելի է հետեւցնել, որ առաջնագծի հարաւային ուղղութեան վրայ ա՛լ աւելի սաստիկ գործողութիւններ տեղի կ՚ունենան եւ այնտեղ ստեղծուած ծանր կացութիւնը կ՚անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վրայ։

Ռազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ կը շարունակուին նաեւ հակամարտ կողմերու փոխադարձ մեղադրանքները։ Այսպէս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան երէկ հերքեց Ատրպէյճանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած պնդումները, ըստ որոնց հայկական կողմը Պաքու-Նովորոսիսկ նաւթամուղ խողովակաշարը թիրախաւորած է։

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ-Նովոստի» ռուսական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անցեալ շաբաթ Սուրիայէն աւելի քան հազար գրոհայիններէ բաղկացեալ վարձկաններու նոր խումբ մը Ատրպէյճան ուղարկուած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մասնակցելու համար։ Ըստ նոյն աղբիւրին, յառաջիկայ օրերուն ալ նոր խումբ մը պիտի մեկնի դէպի Արցախ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020