ՈՉ ԵՒՍ Է ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՆՈՒՊԱՐ ԵԸԼՏԸԶ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յարգուած ու համակրելի դէմքերէն իրաւաբան Նուպար Եըլտըզ։ Վերջին օրերուն ան Շիշլիի «Օսմանօղլու» հիւանդանոցին մէջ դարմանման տակ կը գտնուէր։ Դժբախտաբար բժիշկներու ջանքերը բաւարար չեն եղած իր առողջութիւնը վերականգնելու համար եւ ան աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով ընտանիքն ու ընկերային շրջանակը։

Նուպար Եըլտըզ իր սերունդի ուրոյն ներկայացուցիչներէն մին էր։ Որպէս իրաւաբան ծաւալած մասնագիտական գործունէութեան առընթեր, միշտ իր մասնակցութիւնն ու ներդրումը կը բերէր համայնքային կեանքին։ Գարակէօզեանի ընտանիքի խորհրդանշական անուններէն մին էր։ Միշտ եղած էր պատմական որբանոցի երախտաշատ սանը։ Երկար տարիներէ ի վեր կը գլխաւորէր Գարակէօզեան սանուց միութեան վարչութիւնը։ Գարակէօզեանէն վերջ աւարտած էր Կեդրոնական վարժարանը, իսկ բարձրագոյն ուսումը ստացած էր՝ մասնագիտանալով իրաւաբանութեան մէջ։

Նուպար Եըլտըզ հայկական արժէքներու փարած, մեր մշակոյթին ու ժառանգութեան նկատմամբ նախանձախնդիր անձնաւորութիւն մըն էր։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը պարբերաբար կ՚աշխատակցէր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։

Ընտանեկան տիպար հայր մըն էր։ Ամուսնացած էր նուիրեալ կրթական մշակ Շիրվան Եըլտըզի հետ։ Բախտաւորուած էին երկու զաւակով։

Ան երկրաւոր կեանքէն հրաժեշտ կ՚առնէ՝ իր ետին թողլով բարի ու ազնիւ յիշատակ մը, որ անթառամ կը մնայ բոլորի սրտին մէջ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Նուպար Եըլտըզի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ Շիրվան Եըլտըզին, զաւակներուն եւ համայն ընտանիքին։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020