ԿԷՕԹԷԻ ՆՈՐԱԲԱՑ ԿԵԴՐՈՆ…

Շաբաթավերջին Երեւանի մէջ բացուեցաւ գերմանական «Կէօթէ» կաճառի մասնաճիւղը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սա հայ երիտասարդներու եւ աշակերտներու տեսակէտէ հնարաւորութիւն մըն է՝ գերմանական մշակոյթին ծանօթանալու համար։ Երեւանի «Կէօթէ»ի կեդրոնի բացման պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Այս նորահաստատ կեդրոնը յարկի մը տակ կը միաւորէ գերմանական մշակութային նախաձեռնութիւնները, գերմանական ընթերցասրահը եւ արդէն վեց տարիէ ի վեր գործող գերմաներէնի ուսուցման կեդրոնը՝ դասասենեակներով եւ հմուտ դասախօսներով։

Բացման արարողութեան մասնակցելու համար Երեւան այցելեց «Կէօթէ» կաճառի նախագահ Քլաուս-Վիթէր Լեկման։ Ելոյթներով հանդէս եկան Նալպանտեան, Մկրտչեան եւ Լեկման։

«Կէօթէ»ի կեդրոնի բացման արարողութեան զուգահեռ կատարուեցաւ «Երեւան, իղձերու մայրաքաղաք» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացումը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017