ՄԵԾ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայկական քաղաքականութեան տեսակէտէ 2017 թուականի կարեւորագոյն իրադարձութիւնը հանդիսացաւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը, որու լոյսին տակ կը կատարուին բազում խորհրդածութիւններ եւ վերլուծութիւններ։ Եւրոպահայ մամուլն ալ կ՚անդրադառնայ այս բոլորին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ Պետօ Տեմիրճեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած յօդուած մը՝ այս նիւթին շուրջ։

*

Երբ Երեքշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2013-ին Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շրջադարձ կատարեց Մոսկուայէն՝ յայտարարելով, որ պիտի դադրեցնէ Վիլնիուսի (Լիթվանիա) վեհաժողովին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ 28-29 Նոյեմբեր 2013-ին ստորագրուելիք «Համագործակցութեան համաձայնագիր»ը (Association Agreement, «Ասոցացման համաձայնագիր», ինչպէս ծանօթ դարձած է Հայաստանի մէջ) եւ «խորը եւ համապարփակ ազատ շուկայի գօտի»ն, (Deep and Comprehensive Free Trade Area-DCFTA), եւ անոր փոխարէն՝ Հայաստան պիտի միանայ Ռուսական Դաշնութեան կողմէ յառաջ մղուած Մաքսային Միութեան եւ Եւրոասիական տնտեսական միութեան (կամ, ինչպէս Հայաստան կ՚ըսեն՝ ԵԱՏՄ), Եւրոպական Միութիւնը եւ բոլոր անոնք, որոնք կողմնակից էին այդ համաձայնագրին, ցնցում մը ապրեցան:

Անձնապէս, ես իմ «ցնցում»ս ապրեցայ իբրեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի այն օրերու աշխատակից, երբ անմիջապէս յաջորդ օրը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հանդիպեցայ քաղաքական խմբակցութիւններէն մէկուն արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատուին, որ շրջադարձին ակնարկելով՝ ըսաւ, որ մենք պէտք չէ Պրիւքսել ըլլանք, այլ Մոսկուա պէտք է ըլլանք: Եւրոմիութիւնը կը թուէր երես թեքած ըլլալ Հայաստանէն:

Յանկարծակի էր շրջադարձը, այո՛, եւ շուրջ երեք տարիներու բանակցութիւններէ ետք, զարմանալի կը թուէր Հայաստանի արեւմտեան գործընկերներուն, թէ ինչպէ՛ս երկիր մը գիշերուան մը մէջ կրնայ «անդրադառնալ», որ այդ բանակցութիւնները եւ համաձայնագիրը «չեն բխիր ազգային իր շահերէն»: Բոլորին աչքերը ուղղուեցան դէպի Մոսկուա, յաւելեալ բացատրութեանց համար: Արդէն Յունիսին Ռուսաստան համաձայնած էր Ատրպէյճանի հետ՝ 1 միլիառ տոլարի հասնող սպառազինութեան շուրջ. նաեւ խօսքեր կը շրջէին, որ Մոսկուա ակնարկելով (կեղծ) խոչընդոտներու՝ հաւանաբար դժուարացնէ իր սահմաններէն ներս գտնուող եւ աշխատող մեր հայրենակիցներուն իրավիճակը, ինչ որ իր հերթին կրնար տնտեսական ճգնաժամ մը ստեղծել Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Կարճ ժամանակ առաջ Ռուսաստան մոլտովական գինիներու ներածումը արգիլած էր, որովհետեւ այդ երկիրը նաեւ նման համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէր Եւրոմիութեան հետ:

Այս իրադարձութենէն օգտը-ւելով՝ Պրիւքսելի մէջ անմիջապէս գործի լծուեցաւ հակահայ շրջանակը, որ շահագործելով արեւելեան Եւրոպայի հակառուս երկիրներու տրամադրութիւնը՝ փորձեց Հայաստանի եւ հայութեան դէմ միութեան մէջ կեց-ւածքներ ապահովել զանազան բանաձեւներու եւ զեկոյցներու միջոցով, ինչպէս նաեւ համագործակցելով կարգ մը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետ՝ հակահայ (աստանեան) կարծիք ձեւաւորելու նպատակով:

Անշուշտ, Եւրոպայի հայութիւնը եւ Պրիւքսելի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները չէին կրնար ձեռնածալ մնալ այս պատեհապաշտ «արշաւանք»ին դէմ. Պրիւքսելի մօտ գործող Հայաստանի դեսպանութեան կողքին, մթնոլորտը շրջելու առաջատարը հանդիսացաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը, որ անմիջապէս աշխատանքի լծուեցաւ Եւրոխորհրդարանէն ներս, թէ դուրս՝ լուսաբանելով, բացատրելով իսկական հարցը եւ շրջադարձին տուն տուող իրականութիւնները: Քանի մը զեկոյցներու, բանաձեւներու մէջ փորձ եղաւ «պատժել»ու Հայաստանը, կարգ մը ծրագրերէ դուրս ձգելու, ապագայի ծրագրերէն հեռու պահելու, տնտեսական օժանդակութիւնը դադրեցնելու, նոյնիսկ Արցախի հարցը տեղի-անտեղի մէջտեղ բերելու՝ հայկական կողմին համար անընդունելի եւ անհիմն բանաձեւումներով: Քանի մը տեղ յաջողեցան անշուշտ, տակաւին ցնցումը շատ նոր էր, բայց ընդհանուրին մէջ հայկական կողմս յաջողեցանք կացութիւնը շրջել ի նպաստ մեզի: Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնները շարունակեցին իրենց երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութիւնները Եւրոպական խոր-հըրդարանին հետ՝ շարունակելով արդէն սկսած աշխատանքը, քայլ առ քայլ բարելաւելով կացութիւնը:

Դժբախտաբար, Եւրոպական Միութեան կողմէ հայկական կողմի բացատրութիւնները եւ լուսաբանութիւնները հասկըց-ւեցան եւ շատ լաւ ընկալուեցան միայն Նոյեմբեր 2013-Փետըր-ւար 2014 երկարող ժամանակաշրջանին, երբ Ուքրայնոյ Նախագահ Եանուքովիչ եւս շրջադարձ մը կատարեց, չստորագրեց Եւրոպական Միութեան հետ «Համագործակցութեան համաձայնագիր»ը, որ սկիզբը հանդիսացաւ իր իշխանութեան տապալման՝ «Եւրոմայտան»ի ծանօթ բողոքի մահացու ցոյցերուն պատճառով, ապա երկրէն իր փախուստին եւ Ռուսաստանի կողմէ Խրիմի մէջ հրահրուած անկախութեան հանրաքուէին, պատերազմին եւ ներկայ անկայուն իրավիճակին: Ուքրայնան վերջ ի վերջոյ ստորագրեց Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրը, ինչպէս ստորագրեցին Մոլտովան եւ Վրաստանը (որոնք նոյնպէս հողային հարցեր ունին Ռուսաստանի հետ, Մերձտնեսթր (Թրանսնիսթրիա) եւ Հարաւային Օսեթիա, Աբխազիա): Այս բոլորէն ետք կարելի է ենթադրել, կամ հետեւցնել, որ Հայաստան, ըլլալով Եւրոպական Միութեան Արեւելեան հարեւանութեան ծրագրի անդամ առաջին երկիրը, եթէ այն օրերուն ստորագրէր այդ համաձայնագիրը, ինչ սպառնալիք կրնար ըլլալ Արցախին համար: Յարաբերական կանխատեսելի կայունութիւն-ապահովութիւն (անվտանգութիւն) ընդդէմ անորոշ (գործադրուելու առումով) բարեփոխումներու... Մաքսային Միութեան համար, Եւրոասիական տնտեսական միութեան եւ, ինչո՞ւ չէ, Եւրոպական Միութեան ծրագրերը այդ տարածաշրջանէն ներս խանգարելու համար Ռուսաստանի առաջնահերթութիւնն էր Ուքրայնան, ոչ թէ Հայաստանը, կամ՝ աւելի փոքր Մոլտովան. պարզապէս, ժամանակագրական կարգով, Հայաստան առաջ էր, քան Ուքրայնան: Մենք նուազագոյնը տուժեցինք, որուն մէկ մասը արդէն քանի մը օր առաջ վերականգնուեցաւ:

Հիմա, այն, ինչ որ մեր ձեռքը ունինք, քաղաքական մեծ հնարաւորութիւններ կու տայ Հայաստանին՝ իր դիրքը ամրապըն-դելու եւ ներուժը լաւ օգտագործելու առումով: Նոր համաձայնագրին մէջ նկատի առնուած են Հայաստանի պարտաւորութիւնները՝ իբրեւ Եւրոասիական տնտեսական միութեան անդամ, եւ այն ինչ որ համատեղելի է, ներառուած է «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր»ին (կամ Comprehensive and Enhanced Partnership Agreement, CEPA) մէջ, որուն ստորագրութենէն օր մը առաջ Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնիսկ ողջունեց զայն: Հայաստան ըլլալով Եւրոասիական տնտեսական միութեան անդամ, միաժամանակ ստորագրելով Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան համաձայնագիրը, այս երկու միութիւններուն միջեւ կրնայ կամրջողի դեր ստանձնել: Այս մէկը Ռուսաստան լաւ կը գիտակցի: Հոս արեւմտամէտ, կամ ռուսամէտ-եւրոպամէտ, բանավէճերը (եւ ժխտական ամէն ինչ որ կու գայ այս անպէտ բանավէճէն) անիմաստ են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր իր ձեռքը ունի վերջին 25 տարիներուն քաղաքական բարեփոխումներ իրականացնելու ամենամեծ առիթը: Քաղաքական հզօր կամք պէտք է ունենան իշխանութիւնները՝ բարեփոխումները իրագործելու համար:

Հայաստանի հասարակական կազմակերպութիւններու հարթակը, որ 2013 թուականին իր ձայնը բարձրացուց՝ բողոքելով այն օրերուն չստորագրուած համաձայնագրին դէմ, այսօր պէտք է նոյնքան աղմուկ բարձրացնէ՝ ողջունելով այս համաձայնագիրը եւ մօտէն հետեւի, որ բարեփոխումները իրականութիւն դառնան:

Հոս շատ կարեւոր պիտի ըլլայ ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը, որ ըլլալով Հայաստանի կառավարութեան անդամ կուսակցութիւն՝ հոգով ու ոգով լծուած պետականութեան հզօրացման եւ ժողովրդավարութեան հաստատման աշխատանքներուն, սատարէ համաձայնագրով պայմանաւորուած բարեփոխումներու իրագործումին, ինչպէս նաեւ խստապահանջ ըլլայ իշխող մեծամասնական կուսակցութենէն, որ անվերապահ եւ անշահախնդիր ձեւով լծուի լուրջ աշխատանքի: Այս աշխատանքին մէջ անպայման ներգրաւուած պէտք է ըլլայ նաեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը, որ մեծ դեր ունեցաւ համաձայնագրի ստորագրման նախորդող երկար եւ դժուար գործընթացին մէջ: Ցնծութեան շաբաթը իր աւարտին հասնելով՝ պէտք է տարուի յստակ աշխատանք, յստակ ժամանակամիջոցի մէջ, յստակ ուղղուածութեամբ: Բոլորս անխտիր պէտք է հետեւինք եւ հետապնդենք, որ աշխատանքը իրականանայ:

Խաբկանքներ չունենանք. Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամ պիտի չդառնայ այս համաձայնագրով: Այս համաձայնագիրը անցեալին ստորագրուելիք «Համագործակցութեան համաձայնագիր»ի եւ «խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտի»ի ուժգնութիւնը չունի: Վիզաներու ազատականացումը տակաւին ուժի մէջ չէ, կրնայ ըլլալ, որ երեք, հինգ, եօթ եւ աւելի տարիներէ ետք հասնինք հոն:

Անցեալ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն Եւրոմիութիւնը 7 միլիոն եւրօ տրամադրեց, որ անոնք ըլլան թափանցիկ եւ արդար: Երեւանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպանը որոշ չափով իր կարծիքը յայտնեց՝ ըսելով, որ Հայաստանը աւելի լաւ ընտրութիւններ կրնար ունենալ, եւ իշխող Հանրապետական կուսակցութենէն ոմանք չընդունեցին դեսպան Սվիթալսքիի քննադատութիւնը. եթէ իսկական բարեփոխումներ պիտի ընենք, պէտք է, որ կառուցողական քննադատութիւնը ընդունինք: Ներկայիս Եւրոմիութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան համար թիւ մէկ ներդրողն է, արտածման թիւ մէկ շուկան է եւ թիւ մէկ դրամական օժանդակութիւն տրամադրողը: Հայաստան արդէն շատ մեծ օժանդակութիւն կը ստանայ Եւրոմիութենէն: Բազմաթիւ ծրագրերու մասնակից է՝ մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւն, ուսանողական, կրթական ծրագրեր, գիտական, մասնագիտական հարթակներու մասնակցութիւն: Երեւանի գրասենեակը շաբաթական 1 միլիոն եւրոյի յատկացում կը տրամադրէ Հայաստանին, որ վերոնշեալ եւ այլ ոլորտներ բարելաւուին: Նոր համաձայնագրով աւելի պիտի զարգանան, որակական զարգացումներ պիտի կարենանք ապահովել՝ ուժանիւթի, կրթութեան, հողագործութեան, ջուրի, բնապահութեան, արդարադատութեան համակարգի, միջին եւ փոքր ձեռնարկութիւններու, հաղորդակցութեան, փտածութեան դէմ պայքարի, օդային փոխադրամիջոցներու համար:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Արցախի խնդրին, ստորագրութենէն շաբաթ մը առաջ Եւրոխորհրդարանը իր լիագումար նիստի ընթացքին որդեգրած զեկոյցով իր դրական կարծիքը յայտնեց Հայաստանի հետ ստորագրուելիք համաձայնագրին մասին՝ զօրակցելով ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման, ուժի եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքի բացառման, հողային ամբողջականութեան եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կողմէ ընթացող խաղաղութեան հասնելու բանակցութեանց: Նոյն այս ձեւի պարբերութիւն մը նաեւ տեղ գտած է Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի աւարտին ընդունուած միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Համաձայնագիրը կարելի է գտնել ու 450 եւ աւելի էջերը կարդալ: Շատեր արդէն գրեցին եւ խօսեցան անոր հիմնական կէտերուն մասին: Առանց կրկնելու այդ բոլորը՝ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ այս համաձայնագիրը Հայաստանի եւ հայութեան բազմաշերտ ու «եւ-եւ»ի քաղաքականութեան արդիւնքն է, եւ կարելի է միայն ողջունել այս իրականութիւնը: Հիմնուելով այսօրուան ռէալփոլիթիք խաղի կանոններուն վրայ՝ ասիկա լաւագոյնն է, ինչ որ կրնայինք ընել: Մեզի կը մնայ քաղաքական կամք ունենալ եւ լուրջ աշխատանք տանիլ նախատեսուած բարեփոխումները իրագործելու համար: Արդար, ժողովրդավար, կայուն եւ հզօր Հայաստանի մը համար: Շատ հաւանաբար կարգ մը պետութիւններ փորձեն խանգարել մեր որդեգրած քաղաքականութիւնը. հայկական բանակը պայման է, որ շարունակէ մնալ զգօն եւ մեր դիւանագիտութիւնը՝ արթուն:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017