NETFLIX-Ի ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ

Հայաստանի մէջ NETFLIX-ի համար պիտի նկարահանուին ժապաւէններ ու ֆիլմաշարեր։ Հայաստանի Ազգային ժողովի Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սիսակ Գաբրիէլեան տեղեկացուց, որ Գերմանիայէն յայտնի դերասան ու արտադրիչ Թիլ Շվայկեր վերջերս այցելած է Երեւան։ Ան հիւրընկալուած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութենէն ներս, ուր համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրուած է։ Փաստաթուղթին ստորագրութիւն դրած են նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Սիսակ Գաբրիէլեան, Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնակատար Շուշանիկ Միրզախանեան եւ «Փիփըլ օֆ Ար»ի տնօրէն Արման Նշանեան։

Հայաստանի մէջ NETFLIX-ի համար այժմ երեք ժապաւէնի նկարահանումը կը նախատեսուի։ Գործնական աշխատանքները պիտի սկսին տարեմուտին։ Այս համագործակցութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ՝ ապահովելու Հայաստանի պատշաճ դիրքաւորումը շարժանկարի միջազգային հարթակներու վրայ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2023