«Բո­լո­րը Կը Սի­րեն Մխի­թա­րեա­նը»

Անգ­լիոյ Մեն­չըս­թըր քա­ղա­քին մէջ 1968 թուա­կա­նէն ի վեր գոր­ծող հայ­կա­կան ճա­շա­րա­նը՝ «Ար­մի­նիըն թա­վեր­նա», վեր­ջին շրջա­նին դար­ձաւ անգ­լիա­կան մա­մու­լին ու­շադ­րու­թեան ա­ռանց­քը՝ շնոր­հիւ «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թըտ»ի եւ Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի միջ­նա­պահ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նի:

Հա­յազ­գի ֆութ­պո­լի ար­դի աստ­ղը իր ու­նե­ցած հար­ցազ­րոյց­նե­րէն մէ­կուն մէջ նշեց, որ Գեր­մա­նիա­յէն Մեն­չըս­թըր տե­ղա­փո­խուե­լէ ետք շատ յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէ այս ճա­շա­րա­նը:

«Հեն­րի­խը շատ յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէ մե­զի, շա­բա­թը քա­նի մը ան­գամ: Եր­բեք չես նկա­տեր, որ ան ա­նուա­նի մէկն է: Ան բո­լոր յա­ճա­խորդ­նե­րուն պէս է: Ան բո­լո­րէն սի­րուած է եւ մենք շատ ու­րախ ենք, որ ան կը խա­ղայ «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թըտ»ի հետ», կ՚ը­սէ ճա­շա­րա­նին սե­փա­կա­նա­տէ­րը՝ Ար­ման:

Միւս կող­մէ, այս ճա­շա­րա­նը նա­խորդ տա­րի վե­րա­նո­րո­գուե­ցաւ ու ա­նոր վե­րա­բա­ցու­մին ներ­կայ գտնը-ւե­ցաւ նաեւ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան:

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017