Ե­ՐԷԿ ՀԻՆԳ ԹՈՒՐՔ ԶԻ­ՆՈ­ՒՈՐ ՆԱ­ՀԱ­ՏԱ­ԿՈ­ՒԵ­ՑԱՒ ՍՈՒ­ՐԻՈՅ ՄԷՋ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րէն հինգ զի­նուոր­ներ ե­րէկ նա­հա­տա­կուե­ցան Սու­րիոյ մէջ։ Բա­նա­կը թա­փով յա­ռաջ կը տա­նի «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կեդ­րո­նա­ցած են Էլ Պապ քա­ղա­քին վրայ։

Այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ծի­րէն ներս, ե­րէկ, կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն պա­տա­հե­ցաւ ցա­ւա­լի դէպք մը։ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմ­­բա­ւո­րում) ա­հա­բե­կիչ­նե­րը յար­ձա­կում մը գոր­ծե­ցին թուրք զի­նուոր­նե­րու վրայ։ Այդ յար­ձա­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ զի­նուո­րա­կան ինք­նա­շար­ժի մը անց­ման ժա­մա­նակ՝ Էլ Պա­պի Սուֆ­լա­նիեահ շրջա­նէն ներս։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ հինգ զի­նուոր նա­հա­տա­կուած է, ի­նն զի­նուոր ալ վի­րա­ւո­րուած։ Ըստ նոյն յայ­տա­րա­րու­թեան, վի­րա­ւո­րեալ­նե­րը ան­մի­ջա­պէս դար­ման­ման հա­մար փո­խադ­րուե­ցան զա­նա­զան հի­ւան­դա­նոց­ներ։ Նա­հա­տակ­նե­րուն մար­մին­ներն ալ փո­խադ­րուե­ցաւ Կա­զիան­թէ­պ։

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017