ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան նա­խա­գա­հեց իր տե­սա­կին մէջ եօթ­նե­րորդ այս է­քիւ­մե­նիք ա­ղօթ­քին։ Պըր­պեն­քի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մամ­լոյ դի­ւա­նը այս մա­սին հրա­պա­րա­կեց մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ըստ ո­րու Թե­մա­կան Ա­ռաջ­նոր­դի հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այս առ­թիւ Ա­րեւմ­տեան Թե­մը վե­րա­ծուե­ցաւ Լոս Ան­ճե­լը­սի եւ իր ըն­դար­ձակ շրջա­կայ­քի մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նին։ Նա­խա­տե­սուած ծրագ­րին շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուե­ցան չորս տար­բեր մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հա­ւաք­ներ։

Օ­րը սկսաւ Ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղա­փառ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու (Oriental Orthodox Churches) հա­մա­տեղ ժո­ղո­վով, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Ղպտի, Ա­սո­րի եւ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ: Ա­րեւմ­տեան Թե­մը կը ներ­կա­յաց­նէին Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեան եւ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեան: Ժո­ղո­վը մի­տուած էր տա­րա­ծքաշր­ջա­նի Ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղա­փառ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռա­ւել սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ 2017 թուա­կա­նին միաս­նա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման:

Կէ­սօ­րին կա­յա­ցաւ Հա­րա­ւա­յին Գա­լի­ֆոր­նիա­յի քրիս­տո­նէա­կան հա­մա­գու­մա­րի «Հա­ւատք եւ կարգ» յանձ­նա­խում­բի (Southern California՚s Christian Forum, Faith and Order Commission) հեր­թա­կան հան­դի­պու­մը, ո­րուն հիմ­նա­կան նիւ­թը Քաղ­կե­դո­նի 451 թուա­կա­նի ժո­ղո­վի հե­տե­ւան­քով յա­ռաջ ե­կած ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բա­ժան­ման հան­գա­մանք­նե­րու եւ միու­թեան հնա­րա­ւոր հե­ռան­կար­նե­րու վեր­լու­ծումն էր: Ժո­ղո­վի ու­սում­նա­սի­րու­թեան հիմք հան­դի­սա­ցան 1964-1971 թուա­կան­նե­րուն Ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղա­փառ եւ Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մի­ջեւ տե­ղի ուն­ցած ոչ-պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նա­գր­­ե­րը: Ժո­ղո­վին ներ­կայ էին Հռո­մի Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ, Լու­տե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ եր­կու հիմ­նա­կան ճիւ­ղե­րու, Քրիս­տո­սի ա­շա­կերտ­ներ ե­կե­ղեց­ւոյ (Disciples of Christ), Ղպտի ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Ա­սո­րի­քի ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ներ­կա­յա­ցուած էր Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեա­նի եւ Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վա­րիչ-տնօ­րէն Հայկ Մա­տո­յեա­նի կող­մէ:

Կէ­սօ­րէն յե­տոյ կա­յա­ցաւ Հա­րա­ւա­յին Գա­լի­ֆոր­նիա­յի քրիս­տո­նէա­կան հա­մա­գու­մա­րի (Southern California՚s Christian Forum) հեր­թա­կան հա­ւա­քը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան շուրջ տա­սը զա­նա­զան յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Հա­մա­գու­մա­րի հիմ­նա­կան նիւ­թը «Գործ Ա­ռա­քե­լո­ց­»ի 4:23-37 հա­մար­նե­րուն մէջ գրուած Սուրբ Գրա­յին նիւ­թի միաս­նա­կան սեր­տո­ղու­թիւն-վեր­լու­ծու­թիւնն էր, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին խմբա­յին քննար­կում­ներ մի­տուած՝ քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ ա­ռա­ւել սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն: Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին կրկին ներ­կա­յա­ցուած էր Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեա­նի եւ Հայկ Մա­տո­յեա­նի կող­մէ:

Վեր­ջա­պէս, նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան, Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած 7-րդ տա­րե­կան մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ա­ղօթ­քի ե­րե­կոն, ո­րու ըն­թաց­քին ա­ւան­դա­բար պա­տուի կ­ÿար­ժա­նա­նան Լոս Ան­ճե­լը­սի մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ան­դաս­տա­նէն ներս մեծ վաս­տակ ներդ­րած ան­հատ­ներ եւ կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ: Ե­րե­կո­յի գլխա­ւոր պատ­գա­մա­բերն էր Մե­րի Էն Ե­պիս­կո­պոս Սուէն­սըն՝ Միա­ցեալ Մե­թո­տիստ ե­կե­ղե­ցիէն: Այս տա­րի պա­տուի ար­ժա­նա­ցո­ղը Հռո­մի Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան եւ միջկ­րօ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վա­րիչ-տնօ­րէն Հայր Ա­լեք­սէյ Սմիթն էր, որ տաս­նեակ տա­րի­ներ շա­րու­նակ իր ան­խոնջ ծա­ռա­յու­թիւ­նը բե­րած է Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ գոր­ծող զա­նա­զան յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րը ի­րա­րու ա­ւե­լի մօ­տեց­նե­լու եւ փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ձեռք բե­րե­լու գոր­ծին մէջ: Ե­րե­կո­յի ըն­թաց­քին հո­գե­հանգս­տեան մաս­նա­ւոր պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ Մայր տա­ճա­րի գլխա­ւոր բա­րե­րար՝ Լե­ւոն Պա­րո­նեա­նի, ինչ­պէս նաեւ վեր­ջերս Քո­լոմ­պիա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած օ­դա­նա­ւա­յին ար­կա­ծի եւ Օք­լընտ քա­ղա­քի մէջ հրդե­հի հե­տե­ւան­քով զո­հուած­նե­րու, 1988 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րի 7-ին Հա­յաս­տա­նի երկ­րա­շար­ժի եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի պա­տե­րազմ­նե­րուն զոհ գա­ցած բազ­մա­թիւ ան­ձե­րու հո­գի­նե­րու խա­ղա­ղու­թեան եւ հանգս­տու­թեան հա­մար: Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ՝ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նին մէջ ծա­ռա­յող Ա­րեւմ­տեան Թե­մի հե­տե­ւեալ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը՝ Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեան, Տ. Ե­րե­միա Ա­բե­ղայ Աբ­գա­րեան, Տ. Մա­նուկ Ա. Քհնյ. Մար­գա­րեան, Տ. Յա­րու­թիւն Քհնյ. Թաշ­ճեան, Տ. Վազ­գէն Քհնյ. Մով­սէ­սեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Փե­թո­յեան, Տ. Յով­սէփ Ա­. Քհնյ. Յա­կո­բեան, Տ. Ար­շակ Ա. Քհնյ. Խա­չա­տու­րեան, Տ. Սե­րով­բէ Քհնյ. Էյ­լէն­ճեան, Տ. Խա­ժակ Քհնյ. Շահ­պա­զեան, Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Ի­սա­յեան եւ սար­կա­ւագ­ներ:

Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ա­ղօթ­քի ա­րա­րո­ղա­պետն էր Տ. Վազ­գէն Քհնյ. Մով­սէ­սեան:

Ե­րե­կո­յին ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դեց ոս­պով ա­պու­րի պարզ հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րի «Բա­րի Սա­մա­րա­ցի­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ: Կազ­մա­կեր­պու­թեան նպա­տակն էր նիւ­թա­պէս սա­տար կանգ­նիլ թե­մի տա­րած­քին եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ բնա­կող ա­նա­պա­հով հայ ըն­տան­քի­նե­րուն: Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը գնա­հա­տեց այս կազ­մա­կեր­պու­թեան մա­տու­ցած մար­դա­սի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը եւ օրհ­նեց զա­նոնք:

Հո­գե­ւո­րա­կան­ներն ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հո­գե­պէս մխի­թա­րուած եւ խոր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձան ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րը:

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017