ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի նո­րան­շա­նակ հա­մա­նա­խա­գահ Ռի­չըրտ Հակ­լընտ յայ­տա­րա­րեց, որ ո­րե­ւէ բռնու­թիւն պար­զա­պէս կը յե­տաձ­գէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւո­րու­մը։ Ռի­չըրտ Հակ­լընտ, որ հայ­կա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ կը հա­մա­րուի ատր­պէյ­ճա­նա­մէտ դի­ւա­նա­գէտ մը, հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան՝ մեկ­նա­բա­նե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Ան ը­սաւ, որ ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէ միջ­նորդ­նե­րու նոր տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան՝ լսե­լու հա­մար հա­կա­մարտ կող­մե­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րը։ Ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մտադ­րու­թիւն յայտ­նեց սեր­տօ­րէն աշ­խա­տիլ Մինս­քեան խմբա­կի իր գոր­ծըն­կեր միւս հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ՝ խրա­խու­սե­լու հա­մար կող­մե­րու շի­նիչ ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը՝ կար­գա­ւոր­ման հե­տա­գայ ու­ղին նա­խան­շե­լու հար­ցին մէջ։ Որ­պէս հա­մա­նա­խա­գահ իր մօ­տե­ցում­նե­րը ման­րա­մաս­նե­լով Ռի­չըրտ Հակ­լընտ ը­սաւ. «Ես մտա­դիր եմ սեր­տօ­րէն աշ­խա­տիլ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի իմ գոր­ծըն­կեր հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ՝ խրա­խու­սե­լու կող­մե­րու շի­նիչ ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը հե­տա­գայ ու­ղին նա­խան­շե­լու հար­ցին մէջ։ Իմ մա­սով կ՚ու­զեմ փաս­տել, որ ԱՄՆ-ի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տա­րիմ մնալ հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու միջ­նոր­դու­թեամբ խա­ղաղ կար­գա­ւո­րում ա­պա­հո­վե­լու իր յանձ­նա­ռու­թեան»։

«Ար­մէնփ­րէս»ի աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Ա­րաքս Կա­սեան, որ կա­տա­րած է այս հար­ցազ­րոյ­ցը, անդ­րա­դար­ձած է ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան։ Թէ որ­քա­նո՞վ ան­հաս­ցէ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը նպաս­տեն հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման։ Ի պա­տաս­խան այս հարց­ման՝ Հակ­լընտ ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Յու­նուա­րի 9-ի յայ­տա­րա­րու­թեամբ կող­մե­րուն կոչ ուղ­ղե­ցին ձեռն­պահ մնալ ու­ժի կի­րա­ռու­մէն եւ խստիւ հե­տե­ւիլ 2016 թուա­կա­նին Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի բարձր մա­կար­դա­կի հան­դի­պում­նե­րուն ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն։ Ո­րե­ւէ բռնու­թիւն պար­զա­պէս կը յե­տաձ­գէ կար­գա­ւո­րու­մը եւ կ՚եր­կա­րաձ­գէ տա­րած­քաշր­ջա­նի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու տա­ռա­պանք­նե­րը։ Վերջ­նա­կան նպա­տա­կը պէտք է ըլ­լայ խա­ղա­ղու­թիւնն ու բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար»։

­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին՝ որ­պէս բա­նակ­ցող լիար­ժէք կողմ մաս­նակ­ցու­թեան հա­ւա­նա­կա­նու­թեան շուրջ Հակ­լընտ ու­նի հե­տե­ւեալ մօ­տե­ցու­մը. «Ան­ձամբ ես մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին ո­րե­ւէ ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն չեմ նա­խա­տե­սեր։ Կ՚ու­զեմ շեշ­տել, որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը նա­խա­պէս նշած են, թէ մենք կը հասկ­նանք հա­կա­մար­տու­թեան բո­լոր կող­մե­րու, նե­րա­ռեալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դիր­քո­րո­շում­նե­րը լսե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Թէ այդ դիր­քո­րո­շում­նե­րը ինչ­պէ՞ս նե­րառ­նուին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ, հարց մըն է, զոր հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն քննար­կել կող­մե­րուն հետ»։­

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Հակ­լընտ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ միջ­նորդ­նե­րը ներ­կա­յիս ի­րենց մի­ջեւ կը խորհր­դակ­ցին դէ­պի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան յա­ջորդ այ­ցե­լու­թեան տե­սա­կէ­տէ ա­ռա­ւել յար­մար ժա­մա­նակ մը ճշդե­լու շուրջ։ «Ան­ձամբ ես ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեմ այդ այ­ցե­լու­թեան, որ­պէս­զի կա­րե­նամ լսել բո­լոր դիր­քո­րո­շում­նե­րը», ա­ւել­ցուց ան։

Խօ­սե­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու հա­ւա­նա­կան նոր հան­դիպ­ման ժամ­կէտ­նե­րուն շուրջ՝ Հակ­լընտ մատ­նան­շեց հե­տե­ւեա­լը. «Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը պատ­րաստ են կող­մե­րուն հետ աշ­խա­տիլ ո­րե­ւէ ձե­ւով, որ կրնայ ա­պա­հո­վել տե­ւա­կան կար­գա­ւո­րում։ Մենք կը շա­րու­նա­կենք խրա­խու­սել նա­խա­գահ­ներն ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ որ­պէս­զի հնա­րա­ւո­րինս շուտ հան­դի­պին, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար հիմ­նա­կան հար­ցե­րու, նե­րա­ռեալ հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման կա­րե­ւու­թեան ու Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թեր­պուր­կի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու լիար­ժէք կա­տար­ման հա­մար քայ­լե­րու ձեռ­նար­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ կա­րե­ւոր քննար­կում­նե­րը»։

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017