ԱՅՍ ՀԱՐՑԸ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ «ԼԵԶՈՒԱԿՌԻՒԻ» ԱՍՊԱՐԷԶ ՉԷ

Ի տարբերութիւն մեր շատ քաղաքացիներու՝ ես կը կարծեմ, թէ Հայաստան պարտաւոր է բանակցիլ Թուրքիոյ հետ՝ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցով։ Թէ ի՞նչ օրակարգով, ինչպիսի՞ «կարմիր գիծերով»՝ սա առանձին խնդիր մըն է։ Բայց խորհրդարանէ ներս եւ խորհրդարանէ դուրս բանավէճը ոչ այնքան բանակցութիւններու բովանդակութեան մասին է, որքան Հայաստանի ներկայացուցիչի անձի շուրջ։ Հիմնական մեղադրանքը այն է, որ ան չի տիրապետեր դիւանագիտական հմտութիւններուն եւ այսպէսով խիստ կը տարբերուի իր թուրք «զրուցակիցէն»։

Սա, ի հարկէ, խնդիր է, բայց՝ ոչ ամենակարեւորը։ Ի վերջոյ, որոշողը վարչապետն է եւ եթէ նոյնիսկ մեր բանագնացը Թալէյրանը ըլլար միեւնոյնն է, Փաշինեան պիտի ընէ այն, ինչ արդէն իսկ որոշած է եւ ինչ որ համաձայնեցուցած է ռուսական կողմին հետ։

Բայց ապագայի համար, հաւանաբար, պէտք կ՚ըլլայ հաշուի առնել, որ նման լուրջ բանակցութիւններու մէջ Հայաստանը ներկայացնող անձը պէտք չէ ներգրաւուած ըլլայ ամենօրեայ, կ՚ըսէի նոյնիսկ այսրոպէական ներքին քաղաքական պայքարի մէջ եւ պարտաւորուած պէտք չէ ըլլայ մասնակցիլ ամենօրեայ խորհրդարանական լեզուակռիւին։ Ձեւով՝ այդ լեզուակռիւը հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին է, բայց, բովանդակութեամբ ներքաղաքական է՝ «դուն թրքամէտ դաւաճան ես - չէ, դո՛ւն ես թրքամէտ դաւաճանը»։ Ռուբէն Ռուբինեան, ի հարկէ, կրնայ աւելի զուսպ, պաղարիւն պատասխանել խորհրդարանական ընդդիմութեան կոշտ մեղադրանքներուն, բայց, հաւանաբար, չի կրնար ընդհանրապէս չպատասխանել՝ քաղաքական խումբի աշխոյժ անդամներէն մին է, Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ, «յեղափոխական պարիքաթներուն» կանգնած գործիչներէն մին։ Չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէս ան, խորհրդարանի նիստերու մասնակցելով, ի վիճակի կ՚ըլլայ «հեռաւորութիւն պահել» փոխադարձ վարկաբեկումներէ, «զիջումներու պատերազմէն» եւ այլն։ (Ի դէպ, այդ «պատերազմի» շրջանակներուն մէջ աչքիս զարկաւ հրապարակում մը, ուր պատգամաւորի հօրը՝ ժամանակին Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ եղած Կարապետ Ռուբինեանին կը վերագրէին մեղքեր այն իրադարձութիւններուն մէջ, որոնց համար ան դերակատարութիւն չէր կրնար ունենալ)։ Ես յիշեցնեմ, որ 1992-1994 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Դաւիթ Շահնազարեան նոյնպէս դիւանագիտական կրթութիւն չունէր, նոյնպէս քաղաքական խումբի անդամ էր, բայց ան, այդ աշխատանքը կատարելու ընթացքին, ազատուած էր ընդդիմութեան հետ «մերձամարտ»ի մտնելու պարտականութենէն եւ աւելին՝ բնականոն գործնական յարաբերութիւններ ունէր ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն հետ։

Ի հարկէ, այսօր իտէալական լուծումը կ՚ըլլար Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ նշանակել ոեւէ արհեստավարժ դիւանագէտ։ Բայց քանի որ սա ֆանթասթիք ոլորտէն է, կարելի է այդ բանակցութիւններու ընթացքին ինչ-որ ձեւով սահմանափակել Ազգային ժողովի փոխ-նախագահի զուտ քաղաքական գործունէութիւնը, իսկ խնդրոյ առարկան ընդդիմութեան հետ քննարկել փակ դրութեամբ։ Ես այդպէս կը պատկերացնեմ պետական շահը։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Յունուար 21, 2022