ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒՍ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սկսած գործընթացի նպատակն է ամբողջական բնականոնացումը։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ սկսած կարգաւորման գործընթացին շուրջ նախարարը հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւններով։ Անդրադառնալով երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին հանդիպման՝ ան ըսաւ. «Առաջին տեսակցութեան ժամանակ քննարկուեցան այս գործընթացի մեկնարկի նպատակներն ու անոր վերաբերեալ ակնկալութիւնները։ Յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպման ընթացքին աշխատանք պիտի տարուի, որ թռիչքներու սկսման առընթեր, ուրիշ ի՞նչ քայլեր կրնան առնուիլ»։

Նախարար Չավուշօղլու կառավարութեան վերջին նիստէն վերջ պատասխանեց Թուրքիա-Հայաստան բնականոնցման դիւանագիտութեան վերաբերեալ հարցումներուն։ Իր խօսքով՝ նպատակն է ամբողջական բնականոնացումը եւ հայկական կողմն ալ շատ գոհ է այս բանէն։ Յատուկ ներկայացուցիչները յաջորդ փուլին փոխադարձ վստահութիւնը բարձրացնելու ուղղեալ քայլեր պիտի շօշափեն՝ բնականոնացման դիւանագիտութեան շրջանակին մէջ։

Բաց աստի, Չավուշօղլու երէկ տեղեկացուց, որ այս տարի Հայաստան եւս հրաւիրուած է Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին, որ տեղի պիտի ունենայ 11-13 մարտին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան տեղեկացուց, որ ցարդ աշխարհի 39 երկրէն արտաքին գործոց նախարարներ վերահաստատած են իրենց մասնակցութիւնը։ Չավուշօղլու յայտնած է, որ բոլորին մասնակցութիւնը կ՚ակնկալեն։ «Աշխարհի ամէն կողմէն բոլորը կը հրաւիրենք։ Մեր աշխարհագրութենէն ալ Հայաստանը, Յունաստանը, նոյնիսկ Յունական Կիպրոսը հրաւիրած ենք, նոյնպէս Եգիպտոսն ու Իսրայէլը։ Բոլորի ձայնը այստեղ լսելի պիտի դառնայ։ Սա սկսած է ազատ հարթակ մը ըլլալ», ըսաւ Չավուշօղլու, որ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտի հետ։ Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներուն, ներկայիս օրակարգի վրայ է Իսրայէլի Հանրապետութեան նախագահ Իսահակ Հերցոքի Թուրքիա այցելութեան հաւանականութիւնը։ Այս նիւթը Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ իր ունեցած հեռախօսազրոյցին ժամանակ ալ քննարկած է։ Ըստ Չավուշօղլուի, այս հաւանական այցելութեան շուրջ տակաւին ժամանակացոյց մը չէ ճշդուած։ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ շփումները զանազան մակարդակներու վրայ կը շարունակուին։

Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ երէկ անմիջապէս արձագանգեց այս հաղորդումներուն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հաստատեցին, որ ստացուած է համապատասխան հրաւէրը։ Այսպէս, նախարարութեան բանբերը՝ Վահան Յունանեան այս կապակցութեամբ տուաւ բացատրութիւններ։ Իր խօսքով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ստացած է Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին մասնակցութեան հրաւէրը, ինչպէս նաեւ հասած են նմանաբնոյթ ուրիշ հրաւէրներ։ Նախարարութենէն ներս համապատասխան ընթացակարգով կը քննարկուին նախարարի՝ մասնակցութեան նպատակայարմարութիւնը։ 

Ուրբաթ, Յունուար 21, 2022