ԴԱՓՆԵԿԻՐ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ

Հայաստանի «Թէքէեան» մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Վահան Թէքէեան» լրագրական տարեկան մրցանակները վերջերս յանձնուեցան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Երեւանի «Թէքէեան» կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Ազգ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, որ յայտնի ռամկավար գործիչ մըն է, նախաձեռնարկ միութեան ալ ղեկավարներէն մին։

Այս տարուան դափնեկիրները հանդիսացան երկու յայտնի լրագրողներ, որոնք հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներէն ներս երախտաշատ եւ ուշագրաւ գործունէութիւն կը ծաւալեն, այսպէս, պարգեւատրեալներէն մին եղաւ լրագրող Տիանա Մարկոսեան, որ «Յաջողութեան բանաձեւ» հաղորդաշարի հեղինակն է։ Միւս դափնեկիրը դարձաւ՝ Փրակի «Օրեր» համաեւրոպական ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան։

Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի հաղորդումներով, «Թէքէեան» մշակութային միութեան Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մասնաճիւղերու համատեղ նախաձեռնութեամբ հաստատուած սոյն մրցանակը այս տարի արդէն 27-րդ անգամ յանձնուեցաւ։

Ուրբաթ, Յունուար 21, 2022