BOTAŞ ԵՒ SOCAR ՆՈՐ ԾՐԱԳՐԻ ՄԸ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այս տարի կը ձեռնարկեն դէպի Նախիջեւան բնական կազի մատակարարման ուղղեալ գործնական աշխատանքներուն։ Երկու երկիրներու միջեւ համապատասխան յուշագիր մը ստորագրուած է 2020 թուականին։ Ուժանիւթի նախարարութիւններու մակարդակին վրայ գոյացած համաձայնութիւնը կեանքի պիտի կոչուի BOTAŞ եւ SOCAR ընկերութիւններուն կողմէ։

Հայաստանեան լրահոսին վրայ ալ արձագանգ գտած է այս իրադարձութիւնը։ Նախագիծը կը վերաբերի Իգդիրի վրայով դէպի Նախիջեւան բնական կազ առաքելու։ Թրքական կողմի ընդհանուր ներդրումը պիտի կազմէ 185 միլիոն լիրա։ Թուրքիա մտադիր է սոյն նախագծին համար ներկայ տարուան տեւողութեան 100 միլիոն լիրա յատկացնել։

Նախարարութիւններու միջեւ կնքուած համաձայնութիւնով նախատեսուած է ամէն տարի դէպի Նախիջեւան մատակարարել 500 միլիոն խորանարդ մեթր բնական կազ։ Իգդիր-Նախիջեւան ուղղութեամբ բնական կազի օրական մատակարարման ծաւալը պիտի կազմէ 1.5 միլիոն խորանարդ մեթր։

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդէն կը գործէ՝ Վրաստանի վրայով բնական կազի խողովակաշար մը։ Ըստ երեւոյթին, այդ մէկուն Թուրքիայի տարածքի հատուածին ածանցուած ձեւով պիտի կառուցուի դէպի Նախիջեւան բնական կազի այս նոր խողովակաշարը։

Ուրբաթ, Յունուար 21, 2022