«ԹԱՓՈՎ ԴԷՊԻ ԱՖՐԻՆ»

Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Մէկ կողմէ Թուրք զինեալ ուժերը ամենայն վճռակամութեամբ յառաջ կը տանին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները, իսկ միւս կողմէ դաշտի վրայ յառաջացած նոր իրադարձութիւնները անհրաժեշտ կը դարձնեն դիւանագիտական հրատապ նախաձեռնութիւններ։

Թրքական կողմը ՓՔՔ-ի շառաւիղ ԵՓԿ-ՓԵՏ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կը հասցնէ լուրջ հարուածներ։ Բանակը կը յառաջանայ դէպի Աֆրին՝ քաղաքի ամբողջ շրջակայքը մաքրագործելով ահաբեկիչներէն։ Այս իրավիճակին մէջ վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ մտան լսումներ, ըստ որոնց Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ բանակը մուտք պիտի գործէր Աֆրին։ Անգարա բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ այս վարկածին դէմ եւ իսկոյն տեղեկացուց, որ ահաբեկիչներու պաշտպանութիւնը ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ Դամասկոսի տեսակէտէ։ Այդ լուրերը թէեւ պաշտօնապէս հերքուեցան, սակայն երէկ դաշտի վրայ տեղի ունեցան այլ իրադարձութիւններ։ Այսպէս, Սուրիոյ մէջ հակակշիռէ դուրս խումբերու կողմէ կազմուած խմբաւորում մը երէկ շարժման անցաւ դէպի Աֆրին։ Քսան ինքնաշարժներէ բաղկացեալ այդ շարասիւնը Աֆրին քաղաքէն 10 քմ. հեռաւորութեան վրայ պարտաւորուեցաւ ետ քաշուիլ, Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ թնդանօթներու միջոցաւ բացուած զգուշացման կրակին հետեւանքով։ Միջազգային հեղինակաւոր լրասփիւռները եւս արձագանգ հանդիսացան այս իրադարձութիւններուն։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան առկայ իրավիճակին մէջ երէկ յայտարարեց, որ Աֆրին քաղաքը շուտով պիտի պաշարուի։ Ըստ իրեն, դուրսէն դէպի քաղաք օգնութիւն հասցնելու ճանապարհները պիտի խցանուին եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը պիտի կորսնցնէ սակարկելու հնարաւորութիւնները։

Երէկ Մոսկուայէն ալ ուշագրաւ յայտարարութիւններ հնչեցին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ծանօթ է, որ Էրտողան նախընթաց օր հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Նախագահը երէկ յիշեցուց, որ իր ռուս եւ իրանցի պաշտօնակիցներուն հետ համախոհութեան մէջ է վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այդ հեռախօսազրոյցներուն յաջորդած իրադրութեան մէջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ անդրադարձաւ Աֆրինի վիճակին։ «Մենք համոզուած ենք, թէ Թուրքիոյ անվտանգութեան մտահոգութիւնները կրնան բաւարարուիլ լիարժէք ձեւով։ Այս նպատակին հասնելու համար պէտք է սկսին ուղղակի շփումներ Սուրիոյ ղեկավարութեան հետ», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։

Բաց աստի, ռուս նախարարը աւելցուց, որ Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան դէմ են՝ քրդական հարցի օգտագործման՝ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան սպառնալու ձեւով։ «Բնականաբար մենք կը հասկնանք քիւրտ ժողովուրդի սպասումները։ Սակայն այդ սպասումները արտաքին ուժերու կողմէ ապատեղեկատուութեան նիւթ կը դարձուին, իրենց նպատակներուն համար կ՚օգտագործուին եւ մենք դէմ ենք այս բանին։ Այսպիսի նախաձեռնութիւնները որեւէ կապ չունին քիւրտ ժողովուրդի օրինական շահերուն հետ», աւելցուց Սերկէյ Լաւրով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2018