ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Վեհափառ Հայրապետը ԳՀԽ-ի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն ուղղեց իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը։ Նորին Սրբութիւնը հայցեց Երկնաւոր Տիրոջը՝ արդիւնաւորել ժողովականներու ջանքերը, որպէսզի անոնք կարողանան Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութեամբ օգտակար որոշումներ կայացնել ներկայացուած հարցերու վերաբերեալ՝ նպաստելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանի օրակարգին վրայ ընդգրկուած են համազգային եւ եկեղեցական ներքին շարք մը հարցեր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի հաղորդումներով, մասնաւորապէս կը քննարկուին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վերաբերեալ վերջին ծանօթ իրադարձութիւնները։ Բաց աստի, քննարկման առարկայ կը դառնան Հայ Եկեղեցւոյ կառավարման արդիւնաւէտութեան,

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի յոբելեանի տօնախմբման, երիտասարդներու շրջանակներէ ներս քարոզչական առաքելութեան զօրացման մասին նիւթեր։ Քառօրեայ ժողովի օրերուն կը ներկայացուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերու 2017 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը։

ԳՀԽ-ի ներկայ նստաշրջանը Պոլսոյ Աթոռի վերաբերեալ իրադարձութիւններու բերումով առարկայ կը դառնայ արտասովոր ուշադրութեան։ Թէեւ օրակարգի վրայ առաջնահերթօրէն նախատեսուած են այդ քննարկումները, սակայն Պատրիարքարանի կողմէ ներկայացուցիչ մը չի մասնակցիր նստաշրջանին։ Արդարեւ, նախկին տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անակնկալօրէն կը բացակայի։ Իր բացակայութիւնը ուշագրաւ է, որովհետեւ Գարեգին Արք. Պեքճեան ԳՀԽ-ի բնական անդամներէն մին է։ Տեղապահի պաշտօնը թողած ըլլալու կամ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնը փոխանցած ըլլալու հանգամանքները չեն կրնար արգելք հանդիսանալ նորին սրբազնութեան մասնակցութեան։ Յամենայնդէպս, այս ուղղութեամբ վերջնական բացատրութիւնները կը պակսին։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ի՞նք չէ փափաքած մեկնիլ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, թէ ոչ եղած են կամքէ անկախ պատճառներ։ Անպաշտօն կարգ մը աղբիւրներ խօսած են իր առողջական վիճակին վերաբերեալ պատճառաբանութիւններու շուրջ, սակայն ներկայ իրավիճակին մէջ այդ տուեալները 100 տոկոս համոզիչ չեն համարուիր։ Վարկածներէն մին ալ այն է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ նախընտրուած է Պոլսոյ Պատրիարքութեան վերաբերեալ խնդիրներու հնարաւորինս անաչառ քննարկման մթնոլորտի մը ստեղծուիլը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ չէ հրաւիրուած ԳՀԽ-ի նստաշրջանին։ Հետեւաբար, ժողովականները թէեւ առաջնահերթօրէն կը ծանրանան Պատրիարքարանի հարցերուն վրայ, սակայն առանց Գումգաբուէն ներկայացուցիչի մը մասնակցութեան։ Ըստ շարք մը անպաշտօն լսումներու, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ վերջին օրերուն ամենաթարմ տուեալները ապահովուած են պատկան սրբազաններէն։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանին կը մասնակցի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ վաղուց յայտարարած է իր թեկնածութիւնը պատրիարքի պաշտօնին համար։ Ան վերջին օրերուն մամլոյ միջոցաւ ծանր յայտարարութիւններով հանդէս եկած էր Կրօնական ժողովի հասցէին։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի ճիշդ նախօրեակին Կրօնական ժողովն ալ զեկոյց մը հրապարակելով պախարակելի համարած էր այդ յայտարարութիւնները։ Անշուշտ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նստաշրջանի ճիշդ նախօրեակին վերահասու դարձած է նաեւ այս հանգամանքին։

Մինչ այդ, մայրավանքի տարածքէն ներս երէկ բողոքի փոքրիկ ցոյց մը տեղի ունեցաւ՝ Պատրիարքական Աթոռի վերջին իրադարձութիւններու պատրուակով։ Սակաւաթիւ ցուցարարներ պաստառներով մեկնեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ պահանջելով Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէմ պատիժներ։ Մայր Աթոռի արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի կողմէ դիմաւորուեցան ցուցարարները։ Նորին սրբազնութեան յորդորով անոնք մայրավանքի տարածքի մուտքին թողեցին իրենց պաստառները եւ առաջնորդուեցան Մայր Տաճար, ուր կատարեցին մոմավառութիւն։ Բողոքաւորներու փոքրիկ խումբը հրաժեշտ առաւ արտայայտելէ վերջ իր ակնկալութիւնները։

Հուսկ, ԳՀԽ-ի քառօրեայ նստաշրջանի աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ հրապարակուելիք պաշտօնական հաղորդագրութեան կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը եւ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի մասնակից ժողովականները երէկ հիւրընկալուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ թէյասեղանի մը շուրջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին արտայայտուեցան Նորին Սրբութիւնը ու նախագահ Սարգսեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու զարգացման եւ պահպանման գործին մէջ ներդրուած աւանդի համար պետական բարձր պարգեւներ յանձնեց՝ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2018