ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Թիֆլիզի մէջ, Փետրուարի 19-ին, մեծ շուքով նշուած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 149-ամեայ յոբելեանը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը:

Այսպէս, ձեռնարկները մեկնարկած են Թիֆլիզի Հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ, ուր ծաղիկներ խոնարհուած են Յովհաննէս Թումանեանի շիրմաքարին առջեւ եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան մատուցած է հոգեհանգստեան կարգ: Այնուհետեւ, բանաստեղծուհի Անահիտ Պոստանճեանի սկիզբ դրած աւանդոյթին համաձայն՝ Գիրք նուիրելու տօնի ծիրէն ներս ներկաներուն նուիրուած են գիրքեր:

Ձեռնարկները շարունակուած են Վիրահայոց թեմի Թիֆլիզի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական, մշակութային կեդրոնին մէջ, ուր հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցած է տիկնիկային թատրոնի բացման արարողութիւնը:

Տուն-թանգարանի աշխատակազմի եւ Թիֆլիզի «Պետրոս Ադամեան» պետական տրամաթիքական թատրոնի աշխատակազմին կողմէ բեմադրուած էր տիկնիկային ներկայացում՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու կատուն» ստեղծագործութեան հիման վրայ:

Ներկայացման աւարտին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին՝ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան ընդգծած է մշակոյթի դերն ու նշանակութիւնը՝ աւելցնելով, որ տիկնիկային թատրոնի ստեղծումը նոր երանգ պիտի հաղորդէ Թիֆլիզի հայութեան մշակութային կեանքին:

Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մամլոյ խօսնակ Յարութիւն Հայրապետեան դեսպանութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է նախաձեռնութեան հեղինակներուն եւ ընդգծած՝ Հայրենիքի սահմաններէն դուրս եւս հայկական մշակոյթը աշխոյժ պահելու կարեւորութիւնը:

Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ Երեւանի Էրեբունի վարչական շրջանի ղեկավար Դաւիթ Գրիգորեան, Թիֆլիզի Իսանիի շրջանային վարչութեան նախագահ Կախա Լապուչիծէ, Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» տիկնիկային թատրոնի տնօրէն Ռուբէն Պապայեան, Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի փոխ-տնօրէն Անի Եղիազարեան, Թիֆլիզի «Պետրոս Ադամեան» թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Պայանտուրեան, «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Պայպուրթեան եւ այլք:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2018