ՄԻՇԵԼ ԱՈՒՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Լիբանանի Նախագահ Միշել Աուն այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր ղեկավարը կ՚ընդունուի Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, բացի Սերժ Սարգսեանէն, նախատեսուած են իր հանդիպումները Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ։ Նախագահական պալատի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենան բարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ, որոնց աւարտին Սերժ Սարգսեան եւ Միշել Աուն կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Հիւր նախագահը ուղեւորութեան ընթացքին կ՚այցելէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր կը հիւրընկալուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ, նաեւ կը ծանօթանայ Մայր Տաճարին եւ գանձատան։

Իր կեցութեան ընթացքին Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն այցելութիւններ կու տայ նաեւ «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարան եւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2018