ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵԼՈՅԹ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան ելոյթով մը հանդէս կու գայ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լիագումար նիստի ժամանակ։

Պրուքսելի մէջ նախատեսուած է նաեւ Եդուարդ Նալպանտեանի հանդիպումը՝ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, ԵՄ-ի արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։

Հայաստան եւ ԵՄ մօտաւոր անցեալին ստորագրեցին խոր եւ համապարփակ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիր մը ու ներկայիս այդ հիման վրայ աշխատելու համար կը ջանան ստեղծել համապատասխան ենթագետին մը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2018