ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՄԵՐԳ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը, որ իսկապէս մեծ վայելքի մը վերածուեցաւ երաժշտասէրներուն տեսակէտէ։ Օրերէ ի վեր սպասուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր մեր երաժշտական աշխարհի մղիչ ուժերէն պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեանի ջանքերով։ Սրահը լեցուն էր հանդիսատեսներով, որոնց ակնկալութիւնները լիուլի արդարացան այս իսկապէս մակարդակաւոր ու բացառիկ երեկոյթի ընթացքին։

Համերգի տեւողութեան մեներգներով հանդէս եկան՝ պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան եւ սոփրանօ Տիանա Յարութիւնեան, որոնց դաշնամուրով նուագակցեցաւ Մարգարիտ Սարգսեան։ Հարկ է նշել, որ Տիանա Յարութիւնեան եւ Մարգարիտ Սարգսեան այս համերգին համար Երեւանէն Պոլիս եկած էին։ Տիանա Յարութիւնեան Երեւանի Պետական օփերայի մեներգչուհիներէն մին է, իսկ Մարգարիտ Սարգսեան՝ նոյնպէս Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի դասախօսներէն։ Հիւր արուեստագէտներուն հետ Պոլիս եկած է նաեւ լրագրող Վահագն Զաքարեան։

Արթիւր Պաղտասարեան եւ Տիանա Յարութիւնեան երգացանկի մէջ ընդգրկուած գործերը իսկապէս մեծ վարպետութեամբ մեկնաբանեցին՝ արժանանալով բոլորի բուռն ծափահարութիւններուն։ Համերգի արձանագրած յաջողութեան մէջ առանձնայատուկ դեր ունէր նաեւ դաշնակահարուհի Մարգարիտ Սարգսեանի կատարողական կարողութիւնը։

Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Վահագն Զաքարեան։ Ան այս փուլին անդրադարձաւ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Յակոբ Այնթապլեանի ծննդեան 85-ամեակին։ Արդարեւ, ի նշանաւորումն այս յոբելեանին, համերգի ծրագրի առաջին բաժնին արուեստագէտները մեկնաբանեցին երգեր, որոնց խօսքերը կը պատկանէին Յակոբ Այնթապլեանին։ Յօրինումները կատարուած էին Մարգարիտ Սարգսեանի կողմէ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւոր էր Արթիւր Պաղտասարեանի մեներգով ներկայացուած «Ես քեզի կու գամ»ը, որովհետեւ առաջին անգամ անոր կատարումը տեղի կ՚ունենար բեմին վրայ։ Յայտագրի երկրորդ բաժինն ալ ընդգծեց զանազան գործեր, որոնք այսօրուան՝ Համաշխարհային մայրենի լեզուի օրուան պատգամին կ՚առընչուէին։ Եզրափակիչ փուլին ալ սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան, որ այս ձեռնարկի գլխաւոր կազմակերպիչն էր։

Հարկ է նշել, որ վաղը երեկոյեան ալ այս նոյն խումբը ուրիշ համերգով մը հանդէս պիտի գայ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։ Այս երկու համերգները կազմակերպուած են Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի եւ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանի համագործակցութեամբ։ Թէ՛ Հայ Առաքելական եւ թէ Հայ Կաթողիկէ համայնքներէն զանազան կառոյցներ աջակցութիւն ցուցաբերած են այս համերգաշարի կազմակերպման։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024