ԵՄ ՄԻՇՏ ՈՒՇԱԴԻՐ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ։ Շարլ Միշէլ ընկերային ցանցերու վրայ ամփոփ գրառումով մը տեղեկացուց, որ լաւ քննարկում մը տեղի ունեցած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ Եւրոմիութեան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ ունի՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը։

Այս հեռախօսազրոյցը յաջորդեց՝ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի միջնորդութեամբ, Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակներէն ներս, շաբաթավերջին Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութեան։ Անոնք շուրջ վեց ամսուան ընդհատումէ մը վերջ ուղղակի շփում ունեցած էին Միւնիխի մէջ։

Մինչ այդ, հայկական լրահոսին մէջ կը շարունակուին արձագանգները Նիկոլ Փաշինեանի Միւնիխի մէջ ունեցած շփումներուն եւ անոնց կապակցութեամբ ըրած յայտարարութիւններուն շուրջ։ Զանազան քաղաքական վերլուծաբաններ այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ կը նկատեն Միւնիխի կեցութեան օրերուն Նիկոլ Փաշինեանի՝ Անգլիոյ գաղտնի հետախուզութեան ղեկավարին հետ ունեցած հանդիպումը։ Քաղաքական մեկնաբանները նշանակալի կը համարեն այս տեսակցութիւնը ու կ՚ընդգծեն, որ Իրանի դէմ խաղին մէջ Անգլիա կ՚ուզէ Հայաստանն ալ ներքաշել։ Արդարեւ, առանց հայկական կողմին անհնար է Իրանի դէմ՝ Արեւմուտքի կողմէ փափաքելի պատնէշը կառուցել։

Ընդդիմադիր թեքումով լրատուամիջոցները կը շարունակեն խօսիլ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին շուրջ։ Ըստ անոնց մօտեցումներուն, Ռուսաստանի տեսակէտէ կարեւորագոյն հարցը Հայաստանի տարածքին մէկ մասի վերահսկողութիւնը չէ։ Արդարեւ, ռուսական կողմը հետամուտ է Թուրքիա-Ատրպէյճան հաղորդակցութիւնը վերահսկելու։ Այստեղ հարցի կիզակէտին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին վերահսկումը չէ, սակայն խնդիրը Երեւանի տեսակէտէ բաւական նուրբ է։ Յամենայնդէպս, վերլուծաբանները համոզուած են, թէ ռուսական վերահսկողութեան առաջին չհամաձայնողները կը հանդիսանան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։

Նոյն մեկնաբանները համոզուած են, թէ պատրանք է, որ Արեւմուտքը նոր պատերազմի մը դէմ է Հարաւային Կովկասէն ներս։ Գալով Ռուսաստանի պարագային, ապա եթէ ան նկատէ, որ Արեւմուտքի փափուկ ուժի ներկայութեան հետեւանքով իր կենսական շահերը կը վտանգուին տարածաշրջանէն ներս, ապա ան չի վարանիր ուժային գործողութիւններ հրահրելու։

Ամբողջութեամբ Ուքրայնայի պատերազմին վրայ կեդրոնացած ըլլալով եւ իր բոլոր միջոցներն ալ այդ առանցքին վրայ ուղղելով՝ Ռուսաստանի տեսակէտէ որեւէ պայթում պէտք չէ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Նոյնը խնդրոյ առարկայ է նաեւ Իրանի պարագային։

Միւնիխի Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման լոյսին տակ վերլուծաբանները կը դիտարկեն, որ բանակցային գործընթացի մը վերսկսման մասին չկայ որեւէ նշան եզրակացութիւններու յանգելու համար։ Անոնք կ՚ընդգծեն, որ Երեւան կը փորձէ Արեւմուտքի պատասխանատուութիւնը բարձրացնել Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման առումով։ Յամենայնդէպս, այս կէտին վրայ կը ծագի ուրիշ հարցում մը, թէ արդեօք Արեւմուտքը պատրա՞ստ է Ատրպէյճանն ու Թուրքիան հաւասարակշռուած խաղաղութեան դաշտի մը բերելու։

Այս բոլորին զուգահեռ բոլորի մտքին մէջ կան նաեւ հեռահար հարցումներ։ Արդարեւ, Ռուսաստանէն անվտանգութեան երաշխիքային պատկերացումներու փլուզումը ցաւագին հետեւանքներ ունեցած է Հայաստանի տեսակէտէ։ Հիմա շատեր մտահոգ են, թէ արդեօք 10 կամ 20 տարի վերջ ալ նոյնը կրնա՞յ խնդրոյ առարկայ դառնալ՝ այսօր Արեւմուտքին վերագրուած դերակատարութեան եւ անկէ ակնկալուած երաշխիքներու պարագային։

Այս բոլոր իրադարձութիւններու համայնապատկերին վրայ, վերլուծաբաններու տեսակէտներուն զուգահեռ՝ Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներուն տեսակէտներն ալ միշտ կը մնան շրջանառութեան մէջ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան այժմ բանտարկուած ղեկավարներէն Արմէն Աշոտեան համոզուած է, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պետութենէն աւելի կը սիրէ իշխանութիւնը։

Միւս կողմէ, Երեւանի դիւանագիտական աղբիւրները «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տեղեկացուցին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպման վայրն ու ժամկէտը համաձայնեցնելու համար կողմերը շփման մէջ են։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024