ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԶԳԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐԷՆ ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ԻՐ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ԿԸ ԳՏՆԷ ՓԱՐԻԶԻ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՊԱՆԹԷՈՆԻՆ ՄԷՋ

Այսօր համայն հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Փարիզի վրայ, ուր տեղի կ՚ունենայ պատմական արարողութիւն մը։ Ֆրանսայի դիմադրութեան հայազգի հերոսներէն Միսաք Մանուշեանի աճիւնը կը տեղափոխուի Փարիզի Պանթէոնը, իր կնոջ՝ Մելինէ Մանուշեանին հետ։ Միսաք Մանուշեանի պանթէոն մուտքը կ՚իրականանայ բացառիկ արարողութիւնով մը։ Ֆրանսայի դիմադրութեան հայազգի հերոսը՝ Միսաք Մանուշեան եւ կողակիցը այսպէսով իրենց վերջին հանգրուանը կը գտնեն Փարիզի նշանաւոր Պանթէոնին մէջ, ուր ֆրանսական ազգի երախտաւորները կը հանգչին։ Միսաք Մանուշեան այսպէսով կը հանդիսանայ Ֆրանսայի առաջին գաղթականը, որու վերջին հանգրուանը կը դառնայ պանթէոնը։ Սա պատկառելի տաճար մըն է, որու կամարներուն ներքեւ կ՚ամփոփուին այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք պատմութեան հոլովոյթին մէջ արդէն մեծութիւն կը դառնան իրենց գործունէութիւնով եւ մարմնաւորած արժէքներով։

Էլիզէի պալատին կողմէ կազմակերպուած է այսօրուան փառաշուք հանդիսութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ օրուան աւարտին։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն պանթէոնի հոյակերտ, կոթողային տաճարի երդիքին տակ դամբանական կը խօսի Միսաք Մանուշեանի յիշատակին։ Ան այս եզակի արարողութեան մասնակցելու հրաւիրած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ Միսաք Մանուշեանի պանթէոն մուտքը կը զուգադիպի իր՝ նացիներու կողմէ գնդակահարման 80-րդ տարելիցի օրուան։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024