ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանի մէջ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ պայքարը յառաջ կը տարուի արտակարգ դրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Ամբողջ սփիւռքն ալ հնարաւորինս կը զօրակցի այս պայքարին՝ թէեւ սփիւռքեան համայնքներու գտնուած գրեթէ բոլոր երկիրներն ալ կ՚ազդուին համաճարակէն։ Այսպէս, վերջին օրերուն սփիւռքէն Հայաստան ուղարկուեցան կանխարգելիչ եւ ախտահանիչ 1 թոն բժշկական պիտոյքներ։ Այս օժանդակութիւնը կազմակերպուած է Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի խնդրանքով, քորոնաժահրի տարածումը կանխելու նպատակով։ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կազմակերպած է 1 թոն կանխարգելիչ եւ ախտահանիչ պարագաներու Հայաստան հասնիլը։

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ այս նիւթին շուրջ։ Ան ըսաւ. «Վերջին երկու շաբթուան ընթացքին մեր գրասենեակը նոյնպէս լծուած է սփիւռքէն դեղօրայքի, բժշկական պարագաներու ներածման։ Առողջապահութեան նախարարի խնդրանքով՝ համաճարակը վերահսկելի դարձնելու նպատակով, կազմակերպած ենք մօտաւորապէս 1 թոն կանխարգելիչ, ախտահանիչ, պաշտպանիչ, ինչպէս նաեւ բժշկական տարբեր պարագաներու ներածումը Հայաստան։ Շաբաթուայ սկիզբին այդ բոլորը Հայաստանի մէջ էին։ Այս գործընթացը շարունակական է, քանի դեռ մենք ունինք կարիքներ։ Մենք ունինք մեզի օգնելու պատրաստ բժշկական ոլորտի մէջ աշխատող անձինք, կազմակերպութիւններ եւ բնական է, որ պէտք է շարունակենք աշխատիլ եւ նմանատիպ ապրանքներ հնարաւորինս շատ հասցնենք Հայաստան»։

Յանձնակատարը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական բժշկական միջազգային կոմիտէին (Armenian medical international committee (AMIC), բժիշկներ Շահան Շխըրտմեանին, Վիգէն Սեֆիլեանին եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, որոնք օժանդակեցին բժշկական բոլոր պարագաները Հայաստան հասցնելու գործին։ Զարեհ Սինանեան շեշտեց, որ Հայաստան որեւէ պակաս չի զգար՝ միջազգային գործընկերներուն կողմէ օժանդակութեան պատրաստակամութեան տեսակէտէ։

Շաբաթ, Մարտ 21, 2020