«ՆՈՐ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔԱՅԻՆ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԷ ՆԵՐՍ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց դէպի Մոսկուա իր պաշտօնական այցելութիւնը։ Ծրագրի եզրափակիչ փուլին Նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ մը զետեղեց Անծանօթ զինուորի շիրիմին, նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի, Պետական տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի հետ։

Կը հաղորդուի, որ Փաշինեանի հետ զրուցելու ժամանակ Միշուստին ըսաւ. «Նոր ենթակառուցուածքային ուղիներու ստեղծումը կը նպաստէ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան»։ Ռուս վարչապետը յայտնեց, որ երկու երկիրները ունին ուժանիւթի, փոխադրութեան ու այլ ուղիները համատեղ զարգացնելու խտացեալ ծրագիր մը։

Միշուստին անդրադարձաւ նաեւ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցներուն, որոնց պայմաններով կարեւորեց Հայաստանի հետ առեւտուրի գծով ազգային արժոյթներու աւելի աշխոյժ օգտագործումը։ Ան յայտնեց, որ Ռուսաստանի կառավարութիւնը բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ձեռք կ՚առնէ՝ կեանքի կոչելու համար Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները։

Միւս կողմէ, երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետներուն՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ալեքսէյ Օվերչուքի միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան՝ փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ ստեղծուած եռակողմանի աշխատանքային խումբի ծիրէն ներս քննարկման առարկայ նիւթերուն՝ մանաւանդ Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերականգնման։

Փաշինեան երէկ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի հետ զրուցելու ժամանակ ալ յայտնեց, որ Փութինի հետ զրուցելու ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ կարգ մը նիւթերու շուրջ վերջնական համաձայնութեան հասած են։ Մամուլին մէջ արձագանգ գտած այդ արտայայտութիւնները Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ աւելի վերջ վերաբանաձեւուեցան ըստ հետեւեալի. «Համաձայնութեան եկած ենք շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման ու սահմանազատման գործընթացներուն շուրջ»։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022