«ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՐԿԱՐԵՑԱՒ»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կը ծրագրէ այցելել Մոսկուա եւ Քիեւ ու այս նպատակով դիմած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի։ Իր բանբերը՝ Ստեֆան Տիւժարիք տեղեկացուց, որ համապատասխան պաշտօնական նամակները արդէն ուղարկուած են։

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Մոսկուայէն այս առաւօտ կարեւոր լուրեր հասան Մարիոփուլ քաղաքի մասին։ Այսպէս, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Փութինին զեկուցած է, որ ամբողջ Մարիոփուլը կը գտնուի ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ։

Մինչ այդ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռուստահարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ-է ներս կան երկիրներ, որոնք կը ձգտին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի տեւականացման։ «Եթէ ուզէք, որ թուարկեմ անուններ, չեմ թուարկեր, սակայն, բոլորը կրնան ենթադրել այդ երկիրները», յայտնեց նախարարը եւ աւելցուց, որ Թուրքիա որեւէ պահանջ չէ ստացած՝ Մոնթրէօի համաձայնութենէն շեղելու համար։

Չավուշօղլուի խօսքով՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի այսքան երկարիլը չէր նախատեսուած։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022