ԻԿՈՐ ԽՈՎԱՅԵՒ ԴԷՊԻ ՊԱՔՈՒ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւ վերջերս նշանակուած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցութեան հարցերով։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա տեղեկացուց, որ Իկոր Խովայեւ մօտաւոր անցեալին խորհրդակցութիւններ ունեցած է Երեւանի մէջ, ու կը պատրաստուի այցելել Պաքու։

«Իկոր Խովայեւի հիմնական խնդիրներէն է Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին աջակցիլ խաղաղութեան համաձայնագրի պատրաստման գործին մէջ։ Յատուկ ներկայացուցիչը արդէն աշխուժօրէն ներգրաւուած է աշխատանքի։ Երկխօսութեան հիմքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համար Պաքուի առաջարկած հիմնարար սկզբունքներն են, ինչպէս նաեւ այդ առաջարկներուն Երեւանի շինիչ արձագանգը», ըսաւ Զախարովա։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022