ՀԱՐԹԵԼ «ՄԵՆՔ» ԸՍԵԼՈՒ ՃԱՄԲԱՆ

Փորձառու դիւանագէտ, վաստակեալ դեսպան Էօզտեմ Սանպերկ գրի առած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ յօդուած մը, որ արձագանգ գտած է շարք մը առցանց լրատուամիջոցներու մօտ։ 24 ապրիլի ընդառաջ, հայկական հարցի դրսեւորումներու դիտարկման լոյսին տակ, Էօզտեմ Սանպերկ խորհրդածութիւններով հանդէս եկած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու այժմու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ «Հարթել «մենք» ըսելու ճանապարհները», վերնագրեալ յօդուած մըն է այս մէկը, որու ընթացքին Սանպերկ դիտել կու տայ, որ թուրքերը եւ հայերը մօտաւոր կամ հեռահար ապագային չեն կրնար հրաժարիլ իրենց այժմու դիրքորոշումներէն։ Բայց եւ այնպէս, հակառակ տարակարծութիւններուն, թուրքերն ու հայերը՝ որպէս երկու վաղեմի ժողովուրդ, չեն կրնար յօժարիլ առկայ յոռետեսութիւնը ժառանգել իրենց զաւակներուն։

Յօդուածին մէջ Էօզտեմ Սանպերկ առանձնապէս անդրադարձած է Թուրքիոյ հայազգի քաղաքացիներուն։ «Բոլորս ծանօթ ենք, որ հայազգի մեր քաղաքացիները որքան մեծ դեր մը ունին։ Մեր այս արժէքաւոր քաղաքացիները ինքզինքնին երջանիկ պէտք է զգան իրենց սեփական երկրին՝ Թուրքիոյ մէջ, ինչ որ բոլոր աշխարհին եւ բնականաբար Հայաստանին դրական պատգամներ կը հասցնէ։ Այն դէպքերը, որոնք զանոնք կը վշտացնեն՝ նախ եւ առաջ մեզ կը վիրաւորեն», գրած է Սանպերկ այս կապակցութեամբ։

Երէց դիւանագէտը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու գծով ալ օգտակար կը նկատէ առաջին հերթին աւելի խաղաղամէտ լեզուի մը օգտագործումը։

Հուսկ, Էօզտեմ Սանպերկ կը շեշտէ, որ ապագայի կառուցման համար շարժման պէտք է անցընել «մենք»ի զգացումը։ «Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը եւ «մենք»ի զգացումով դէպի ապագայ ուղղուիլ սկսիլը, եթէ հնարաւոր ըլլայ, համաշխարհային արձագանգ ստեղծելիք ձայն մը կը համարուի։ «Մենք» կարողանալ ըսելը վերջին խօսք մը չէ, այլ սկիզբ մըն է։ Սա ապագան միասնաբար կառուցելու ճանապարհը հարթելն է», եզրափակած է Էօզտեմ Սանպերկ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022