ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եիի հետ։ Անոնք անդրադարձան Երեւանի եւ Փեքինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին։ Նախարարները նշեցին, որ անցեալ ժամանակաշրջանին զգալի աշխատանք կատարուած է երկկողմանի յարաբերութիւններու կայացման ու զարգացման համար՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական եւ այլ ուղղութիւններով։ Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ վճռականօրէն սերտացնել եւ խորացնել Հայաստան-Չինաստան յարաբերութիւնները։ Կարեւորուեցաւ տնտեսական համագործակցութեան բնագաւառէն ներս մեծ ներուժի օգտագործումը, ներդրումներու խրախուսումը, ենթակառուցուածքներու զարգացումը եւ լոժիսթիք մարտահրաւէրներու յաղթահարումը։ Այս համատեսքին մէջ շեշտուեցաւ տարածաշրջանի փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման գործընթացի անհրաժեշտութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ։ Ան ընդգծեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զանազան ուղղութիւններով բանակցութիւններուն նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ միջազգայնօրէն ընդունուած բանակցային ձեւաչափի կենսունակութիւնը եւ խաղաղութեան գործընթացի յառաջ մղուիլը։ Արարատ Միրզոյեան եւ Վանկ Եի կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022