ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան, Քոզեաթաղըի «Քոզի» առեւտուրի կեդրոնի՝ «Կէօնիւլ Իւլքիւ-Կազանֆէր Էօզճան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տիրեքլերարասը» Իսթանպուլի թատերական մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը։ 2019-2022 շրջաններուն ներկայացուած խաղերու հիման վրայ յանձնուեցան մրցանակները։ Միանձնեայ խաղերու դասաւորման մէջ մրցանակի արժանի դասուեցաւ «Կոմիտաս» ներկայացումը, որ կը բեմադրուի «Եոլճու» թատերախումբին եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Թատերասէր շրջանակներէն ներս վերջերս անմիջական ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքի արժանացած է «Կոմիտաս» խաղը, որու բեմադրիչն է Ահմէտ Սամի Էօզպուտաք, իսկ միակ դերասանը՝ Ֆեհմի Քարաասլան։ Լուսաւորիչ երգչախումբն ալ կարեւոր դերակատարութիւն ունի այս ներկայացման մէջ։ Արդէն երէկուան պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին ալ մրցանակներ յանձնուեցան Ահմէտ Սամի Էօզպուտաքին, Ֆեհմի Քարաասլանին եւ Լուսաւորիչ երգչախումբին, որու խմբավարը՝ Յակոբ Մամիկոնեան սրտի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ ձեռնարկին տեւողութեան։

Այս փայլուն նուաճումը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ երգչախումբի անդամներուն միջեւ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022