Դամասկոսի Համալսարանէն Ներս Հայերէնի Արխիւացման Կեդրոնի Բացում

Կեդ­րո­նի բա­ցու­մը կա­տա­րած է Դա­մաս­կո­սի հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ Մո­ւհա­մատ Հաս­սան ալ Քուր­տին, որ իր խօս­քին մէջ գնա­հա­տած է լե­զու­նե­րու դա­սա­ւան­դու­մը եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գա­հը նաեւ հաս­տա­տած է, որ սու­րիա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ներս իր տե­սա­կով ա­ռա­ջինն է լե­զու­նե­րու ար­խի­ւաց­ման կեդ­րո­նը, որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ ար­խի­ւաց­նել շարք մը լե­զու­ներ, ո­րոնք կ՚օգ­տա­գոր­ծուին Սու­րիոյ մէջ:

Բաց­ման հան­դի­սու­թեան ժա­մա­նակ կեդ­րո­նի հա­յոց լե­զուի բա­ժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու Նո­րա Ա­րի­սեան նշած է, որ լե­զու­նե­րու ար­խի­ւաց­ման կեդ­րո­նը՝ լե­զու­նե­րը պահ­պա­նե­լով եւ գի­տա­կա­նօ­րէն ար­խի­ւաց­նե­լով՝ հնրաւա­րու­թիւն կու տայ Սու­րիոյ մէջ պահ­պա­նել պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը` ընդգր­կե­լով լե­զուն, պատ­մու­թիւ­նը, բա­նա­ւոր հէ­քեաթ­նե­րը, եր­գե­րը եւ այլն:

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016