ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն։ Սպիտակ տան մէջ ան ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ օգնական եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի՝ Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի հարցերով աւագ տնօրէն Ֆիոնա Հիլի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Արմէն Գրիգորեան կարեւորեց ԱՄՆ-ի դերակատարութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Ֆիոնա Հիլն ալ շեշտեց զանազան մակարդակներու վրայ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, ներդրումներու եւ աջակցութեան կարելիութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական գործընթացներու եւ ոստիկանական համակարգի բարեփոխումներու ճանապարհին ամերիկեան աջակցութիւնը։ Կողմերը վերստին ընդգծեցին Արցախի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծման անհրաժեշտութիւնը։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019