ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի վարակի տարածման թափը նուազած է զգալի համեմատութեամբ։ Մէկ վարակեալէ մը ուրիշներու փոխանցման համեմատութիւնը 1.56 տոկոսէն իջած է 0.72 տոկոսի։ Ըստ նախարարին, օրական հաստատուած դէպքերու թիւը երբ որ իջնէ հազարէ վար, ապա այս մէկը վերջնական յաջողութեան մը ազդանշանը պիտի համարուի։

Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցան վերջին օրուան վիճակագրական տեղեկութիւնները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկուան դրութեամբ կատարուեցաւ 20 հազար 838 քըն-նութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 972 նոր վարակեալ։ Երէկ 23 հոգի զոհ գնաց համաճարակի եւ զոհերու ընդհանուր թիւը հասաւ 4 հազար 222-ի։ Երէկուան դրութեամբ առողջացաւ 1092 հիւանդ եւ բուժուածներու ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 113 հազար 987-ի։ Ցարդ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 1 միլիոն 696 հազար 355 քննութիւն եւ ստուգուեցաւ 152 հազար 587 դէպք։ Ըստ վերջին տուեալներու, խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 877 հիւանդ։ Արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ է 445 հիւանդ։

Այս բոլոր դրական տուեալներով հանդերձ սահմանափակումներու նկատմամբ հնազանդութիւնը կը շարունակէ մնալ առաջնահերթ։ Նոյն տրամաբանութեամբ այս շաբաթավերջին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ փողոց դուրս գալու քառօրեայ նոր սահմանափակում մը պիտի գործադրուի։ 24-25 եւ 26 մայիս թուականները կը զուգադիպին Ռամազանի տօնին եւ արդէն եռօրեայ բնական դադար մը պիտի ըլլար։ Այս երեք օրերուն միացուած է նաեւ նախորդելիք շաբաթ օրը եւ այսպէսով քառօրեայ նոր շրջան մը ստեղծուած է՝ փողոց դուրս գալու սահմանափակումով, իսկ նոր ամիսէն սկսեալ արդէն յարաբերաբար պիտի մեղմանան  սահմանափակումները։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020