ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԱՍԻՆ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան տեղեկացուց, որ Գալֆաեան տան ապագային համար արմատական կարգադրութիւններ կը նախատեսուին։ Շաբաթավերջի Հոգեգալուստի տօնակատարութիւններուն ժամանակ ան յայտնեց, որ Գալֆաեան տան պիւտճէն այս տարի շուրջ 5.5 միլիոն թրքական լիրայով բաց մնացած է։ Ուստի, Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը, ինչպէս նաեւ Պէյօղլուի եւ Օրթագիւղի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդները որոշած են այս տարի յաւելեալ մէկական միլիոն տրամադրել կացութիւնը կառավարելի սահմաններու մէջ պահելու համար։

Աքսէլ Թոփալեանի կողմէ այս բացատրութիւնները ներկայացուեցան տօնակատարութիւններէն վերջ, Պէյօղլուի խորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցած ամփոփիչ խորհրդակցութեան ընթացքին։ Այսպէս, Գալֆաեանը ներկայիս միայն 55 աշակերտ ունի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անկարելի է այս կրթօճախին գոյատեւելը՝ ներկայ ձեւաչափով։ «Վիպապաշտութիւնը մեզ կը տանի աղէտի», ըսաւ Աքսէլ Թոփալեան եւ աւելցուց, որ յաջորդ տարուընէ սկսեալ Գալֆաեանը պիտի գործէ՝ որպէս մանկապարտէզ։ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին հետ փոխըմբռնում գոյացած է, որպէսզի Գալֆաեան տան աշակերտները յաճախեն Արամեան-Ունճեան վարժարանը եւ դպրոցական ժամերէն վերջ գիշերեն դպրոցի ննջարանին մէջ։ Ըստ Աքսէլ Թոփալեանի, այս ձեւը Գալֆաեանը պիտի խնայէ՝ կալուածները կորսնցնելու վտանգէն։ Ներկայ տարին եզրափակելէ վերջ, համայնքային շրջանակները Գալֆաեանին պիտի զօրակցին՝ այս անցումը կազմակերպելու համար։ Որոշ ժամանակ վերջ, հարթ անցում մը կազմակերպելէ վերջ, Գալֆաեանի կալուածներուն եւ այժմու շէնքին հասոյթը պիտի վերադարձուի համայնքին՝ միշտ կրթական կարիքներու դիմագրաւման համար։

Աքսէլ Թոփալեան յայտնեց, որ Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի եւ իր գործակից ընկերներուն հետ այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի փոխադարձ զօրակցութեան ոգիով։ Իր խօսքով՝ խնամակալութիւնն ալ յառաջիկային համապատասխան պաշտօնական հրապարակումներով հանդէս գալ կը ծրագրէ։

Աքսէլ Թոփալեանի կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնները շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ՝ քանի Գալֆաեանը եզակի առաքելութեամբ կրթօճախ մըն է։ Ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութիւնը յայտնի չէ, թէ ինչո՞ւ նախընտրած է այսպիսի կարեւոր իրադարձութեան մը առաջին ազդանշանին ուրիշ կառոյցի մը ատենապետին կողմէ տրուիլը։ Աւելին, Աքսէլ Թոփալեանի կիրակի օրուան յայտարարութիւններէն շուրջ երկու օր անց խնամակալութիւնը տակաւին կը շարունակէ լռութիւն պահել։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2024