ԱՒՐԱՄՈՓՈՒԼՈՍԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ շարունակեց իր աշխատանքային այցելութիւնը Պրիւքսելի մէջ։ Այս առթիւ ան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի գաղթի, ներքին գործոց ու քաղաքացիութեան հարցերով յանձնակատար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի քաղաքացիներու պարագային դէպի Շենկենի գօտի մուտքի արտօնութեան դրութեան դիւրացման եւ յետընդունման մասին համաձայնագրերու իրականացման ուղղութեամբ արձանագրուած ցուցանիշները։ Մնացականեան եւ Աւրամոփուլոս ընդգծեցին ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան վերջին գագաթաժողովներու հռչակագրերուն մէջ ամրագրուած՝ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան սկիզբի կարեւորութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018