ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելութիւն մը տուաւ «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան կեդրոնը։ Ամերիկահայ ազգային գործիչ Երուանդ Զօրեանի ջանքերով հաստատուած այս ընկերութիւնը տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառի պարագային Հայաստանի յառաջատարներու շարքին է։ Նիկոլ Փաշինեան ընկերութեան կեդրոնը այցելելու ժամանակ ընդգծեց, թէ իր պատկերացումներով տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառը որքան լուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկրի զարգացման համար։

Ընկերութեան կեդրոնէն ներս համախմբուած երիտասարդներուն պարզած պատկերը վարչապետին կողմէ որակուեցաւ խորհրդանշական։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան այցելութեան ընթացքին ըսաւ. «Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտը կը կոտրէ անհնարինի սահմանը եւ կ՚ընդլայնէ հնարաւորի շրջանակը»։

Նիկոլ Փաշինեան այցելութեան ընթացքին տեղեկացաւ «Սինոփսիս Արմէնիա»ի գործունէութեան մանրամասնութիւններուն, արձանագրած յաջողութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագրերուն։ Իրեն տեղեկացուեցաւ, որ ընկերութենէն ներս ներդրուած են կրթական ծրագրերու 70-էն աւելի գործիքներ, որոնց իւրաքանչիւրին արժէքը կը գնահատուի 1.5 միլիոն ամերիկեան տոլար։

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018