ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԽՈՒԶԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի զգայացունց իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխան եւ Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանի աղմկայարոյց ձերբակալման մըթ-նոլորտին մէջ իրաւապահ մարմինները հանդէս կու գան նոր նախաձեռնութիւններով։ Հայաստանի ոստիկանութեան համապատասխան բաժանմունքները երէկ ծաւալուն քննարկումներ կատարեցին ԵԿՄ-ի կեդրոնական գրասենեակէն ներս։ Մինչ այդ, Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ ալ երէկ յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան Մանուէլ Գրիգորեանի գործին շուրջ։ Այսպէս, կան կասկածներ, ըստ որոնց «Կեներալ Մանուէլ Գրիգորեան» բարեգործական հիմնադրամին համար կատարուած նուիրատուութիւնները ծախսուած կրնան ըլլալ աննպատակայարմար ձեւով։ Իր կարգին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ երէկ անդրադարձաւ Մանուէլ Գրիգորեանի գործին։ Ան յայտնեց, որ ձեռնարկուած հարցաքննութիւնը պիտի տայ Մանուէլ Գրիգորեանի գործին վերաբերեալ առկայ բազմաթիւ հարցումներու պատասխանը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի քննչական վարչութենէն ներս յարուցուած քրէական գործի մը ծիրին մէջ երէկ հարցաքննուեցաւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ 2014-2017 թուականներուն գնումներու եւ բանակաշինութեան ոլորտներէ ներս չարաշահումներու վերաբերեալ կասկածներ խնդրոյ առարկայ են եւ ներկայիս հարցաքննութիւնը կը կատարուի այդ կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018