ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան նշանակուեցաւ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներու հաղորդումներով, Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան Պուլկարիոյ առաջնորդական տեղապահի պաշտօնը պիտի վարէ համատեղութեան կարգով։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2019