ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Ներկայ էին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։

Հայկական կողմը շնորհակալութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկեան համանախագահութեան՝ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ խորհրդակցութիւնները հիւրընկալած ըլլալու համար՝ ի շարունակութիւն աւելի վաղ Փարիզի եւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ուաշինկթընի տեսակցութեան մասնակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացին վերաբերեալ հիմնական հարցերուն եւ ներկայ իրավիճակին շուրջ։

Քննարկուեցան Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ երէկուան հանդիպման նախորդած շրջանին արձանագրուած լարուածութիւնը եւ անոր յաղթահարման, ըստ այդմ խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր միջավայրի մը վերահաստատման առընչուած հարցեր։ Հայկական կողմը ընդգծեց հրադադարի ամրապնդման եւ լարուածութեան ռիսքերու նուազեցման միջոցներու իրականացումը՝ դէպքերու կանխարգիլման եւ արագ արձագանգման համար։ Վերահաստատուեցան նաեւ հաշտութեան գործընթացէ ներս հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումներն ու մօտեցումները։

Ուաշինկթընի հանդիպման ժամանակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները նախարարներուն հետ բաժնեցին հաշտութեան գործընթացը յառաջ մղելու ուղղեալ իրենց գաղափարները՝ ներառեալ մարդասիրական բնագաւառը։ Երէկ-ւան տեսակցութեան արդիւնքներուն շուրջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան յայտարարութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ այս յայտարարութեան, համանախագահներու հետ զրոյցի ժամանակ նախարարները կարեւորեցին հակամարտ կողմերու միջեւ ուղիղ կապի օգտագործումը՝ լարուածութեան վտանգի նուազեցման համար։ Համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղեցին վերահաստատել յանձնառութիւնը՝ անշեղօրէն պահպանելու համար հրադադարը եւ ձեռնպահ մնալու համար որեւէ սադրիչ գործողութենէ՝ ներառեալ դիպուկահարներու օգտագործումը եւ շփման գծի կամ սահմաններու երկայնքով աշխատանքներ կատարելու ժամանակ յառաջանալիք հաւանական անհանգստութիւնները։ Միջնորդները դէպի հակամարտութեան տարածքաշրջան մօտաւոր անցեալին իրականացուցած էին ուղեւորութիւն մը։ Այդ ժամանակ անոնք առաջարկած էին մարդասիրական եւ անվտանգութեան զանազան միջոցառումներ։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին նախարարները ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումն ու ակնկալութիւնները այդ առաջարկներու կապակցութեամբ։   Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով համաձայնեցան յառաջիկայ ամիսներուն խորհրդակցութիւնները շարունակել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։

Մինչ այդ, Զօհրապ Մնացականեան Ուաշինկթընի մէջ երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։ Հանդիպման սկիզբին զրուցակիցները անդրադարձան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ երէկ տեղի ունեցած նախարարներու տեսակցութեան։ Զօհրապ Մնացականեան կարեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հաշտութեան գործընթացի շարունակականութիւնը եւ այս ուղղութեամբ ԱՄՆ-ի եւ միւս համանախագահ երկիրներու կողմէ գործադրուող ջանքերը։ Նոյն ամբողջին մէջ Մնացականեան ընդգծեց հրադադարի ամրապնդման ու ռիսքերու նուազեցման միջոցներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։

Մնացականեան եւ Պոլթըն անդրադարձան տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան օրակարգային հարցերուն։ Անոնք հանդէս եկան հայ-ամերիկեան երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման ուղղեալ պատրաստակամութեան։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2019