ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի նախկին բազմամեայ տնօրէն Հայկ Նշանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայկ Նշանի մահը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծեց մեր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ան տասնամեակներ շարունակ իր ներդրումը բերած էր մեր կրթական կեանքին։ Ուստի, ամբողջ համայնքը սգաց Հայկ Նշանի մահը։ Անշուշտ, այս ամբողջին մէջ, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը առանձնացաւ, որովհետեւ Հայկ Նշան այդ վարժարանով նոյնացած անուն մըն էր։ Ուստի, Հայկ Նշանի հրաժեշտի փուլին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շարժման անցած էր՝ երախտաշատ տնօրէնը պատշաճ շուքով յաւերժութեան ճամբելու նպատակով։

Երէկ կէսօրուան ժամերուն Մայր եկեղեցին ժամադրավայրը հանդիսացաւ հոծ թիւով յուղարկաւորներու, որոնք փութացած էին հոգելոյս Հայկ Նշանի բարոյական ներկայութեան շուրջ համախմբուելու եւ անոր նկատմամբ իրենց վերջին յարգանքը արտայայտելու նպատակով։ Լուսաշող տաճարի կեդրոնը, մահաբեմին վրայ զետեղուած էր հանգուցեալի դագաղը, որու շուրջ բոլորը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին հանգուցեալ Հայկ Նշանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Արարողութեան հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ կուռ դամբանական մը։ Մեր հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները ներկայ գտնուեցան յուղարկաւորութեան։ Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ՝ Թորոս Ալճան (խնամակալութեան ատենապետ), Վարուժան Պուլկան (վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ), Նուպար Տինչէօզ, Կարպիս Չիյտէմ, Նուպար Օփան եւ Արիճան Փաքէր։

Յուղարկաւորութեան աւարտին դագաղը ուսամբարձ դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն եւ փոխադրուեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը, ուր Հայկ Նշանի մարմինը ամփոփուեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Թաղման կարգին հանդիսապետեց Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Թաղման կարգէն վերջ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ հոգեճաշ մը։ Այս փուլին բոլորը ցաւակցութիւն յայտնեցին հանգուցեալի այրիին՝ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանին, դստեր՝ Սելին Նշանին եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2019