«ՄԵԾ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ» ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Տարածաշրջանային կտրուածքով վերջերս բաւական ուշագրաւ զարգացումներ կ՚արձանագրուին։ Առաջինը, ի հարկէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի դէպի Մերձաւոր Արեւելք տուած այցելութիւնն էր, որուն մասին ալ տեղի ունեցան բազմակողմանի քննարկումներ։ Այդ այցը մէկ կողմ, բայց եւ այնպէս, բոլորին համար աւելի յստակ կը դառնար, որ Պայտընի սոյն այցելութիւնը միայն Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան խնդիրը «ջուրի երես» հանելը չէր, այլ ճամբայ բանալ ամերիկեան «հին երազ»ի մը, որուն հիմնական նպատակն էր քով-քովի տեսնել Իրանի դէմ եղող, կամ այդ երկրին դէմ բողոք ունեցող բոլոր երկիրները։ Այդ էր խորքային խնդիրը, որ կարծես, թէ ինչ-որ չափով յաջողութեան կը հասնէր ու տեսանելի կը դարձնէր արեւմտեան, բայց մանաւանդ՝ ամերիկեան այն մօտեցումը, որ ժամանակը հասունցած է, որպէսզի Արաբական ծոցի երկիրները ի վերջոյ լեզու գտնեն Իսրայէլին հետ։ Բաւական բարդ է նման նշանառութիւն մը իրականացնել, երբ հաշուի կը նստին այն հանգամանքին հետ, որ այդ երկիրները՝ գլխաւորութեամբ Սէուտական Արաբիոյ ու հետեւողութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Պահրէյնի, երկար ամեակներով եղած են «պապաներ»ը պաղեստինեան դիմադրութեան։

Հիմա սլաքները կը փոխուին եւ ԱՄՆ, որ այս երկիրներուն հետ ալ ունի կազի ու նաւթի զանազան խնդիրներ եւ մտավախութիւններ, եկած է այդ երկիրներուն հասկցնելու, թէ արդէն անցած են այն ժամանակները, երբ արաբական տէրութիւնները ափով տոլար կը թափէին յանուն այդ դատին ու պաղեստինցի ժողովուրդի պայքարին։

Տարբեր շերտաւորումներ ունի պաղեստինեան խնդիրը, որ այսօր ձեւով մըն ալ դիմափոխուած է եւ ունի ներքին հարցեր ու բաժանումներ, որոնց գոյութենէն ալ կ՚օգտուին Իսրայէլն ու անոր աւագ եղբայրը՝ Միացեալ Նահանգները։ Բայց եւ այնպէս, այս պատուհանէն դիտուած աւելի քան հասկնալի է արաբական տէրութեանց ապրած «հիասթափութիւնը այդ դատէն, որուն ջահակիրները ո՛չ միայն կերպով մը երես թեքեցին արաբներուն, այլեւ գործակցեցան Թեհրանին հետ։

Հետեւաբար արաբները պաղեստինեան դատէն հեռու պահելու միտումները նաեւ հարուած պէտք է համարել Իրանի դէմ, որուն դէմ կազմուած նոր պլոքը, որ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Թրամփի իշխանութեան օրերուն չկարողացաւ իրականութիւն դառնալ, կամ արդիւնաւորուիլ, իսկ այսօր, ահա, աշխարհի մէջ տեղի ունեցող բարդագոյն գործընթացներուն պատճառով սկսած է ստանալ աւելի մեծ մակարդակի իմաստաւորում եւ նոյնիսկ տարողութիւն։

Այս ծիրին մէջ ալ ուշագրաւ զարգացումներ պէտք է սպասել, բոլոր այն շփման գօտիներուն մէջ, ուր Իրանը կը համարուի շարժիչ ուժ եւ ունի համապատասխան քաղաքական եւ ռազմական ներկայութիւն։ Ու եթէ հաշուի նստինք այն հանգամանքին հետ, որ այսօրուան դրութեամբ ամենէն աւելի նուրբ գօտին իր տագնապներով, լարուածութիւններով եւ նոյնիսկ հասարարական բաժանումներով՝ Լիբանանն է, ապա երբեք պէտք չէ զարմանալ վերջին օրերուն Պէյրութի մէջ ծայր առած նոր զարգացումներուն, որոնց հիմնական թիրախը Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան՝ Ռիատ Սալամէն է։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ՝ «ԿՌՈՒԱԽՆՁՈՐ»

Ի դէպ, երեքշաբթի բաւականին լարուած օր էր Պէյրութի մէջ։ Երկրի ներքին գործոց նախարարութեան Պետական ապահովութեան ջոկատի միաւորներ կը հասնէին Համրա շրջանի Կեդրոնական դրամատուն եւ ներս մուտք գործելով կը փորձէին հասնիլ, նաեւ ձերբակալել Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն։ Իրավիճակը աւելիով կը լարուէր, երբ Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշել Աունի վստահելիներէն համարուող դատախազ՝ Ղատա Աուն (որ Սալամէի դէմ ընթացող արշաւին առաջամարտիկներէն է) կը հասնէր դէպքի վայր, Սալամէի դէմ դատական վաւերաթուղթ մը հրապարկելու եւ զինք կալանելու նպատակով։ Սոյն զարգացումը ոչ այլ ինչ էր, քան ցոյց տալ, թէ ինչքան խարխլած է Լիբանանի պետութիւնը (վերէն վար)։ Մտահոգիչ էր նաեւ, որ այս զարգացումը կը կատարուէր նախագահ Աունի նստաշրջանի աւարտի օրերուն, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու մեծ դժուարութեան լոյսին ներքոյ։

Չմոռնանք, որ Սալամէ կը համարուի Լիբանանի մէջ Ամերիկայի «թիւ մէկ մարդ»ը եւ որեւէ ձեւաչափով ներկայ հաւասարակշռութիւններու խախտումը կրնայ նոր եւ աւելի մեծ տագնապի մը մատնել երկիրը։

Լիբանանի դէպքերը նաեւ ցուցանիշ են այն մասին, թէ ինչքանով խառն է ամբողջ տարածաշրջանը։

Ըստ երեւոյթին, Ժետտայի մէջ ցանուած հունտերը, որոնց «տեսակ»ը պիտի պարզուէր Թեհրանի մէջ ընթացք առած եռակողմ մեծ գագաթաժողովին, պտոյտ մը ըրին դէպի Պէյրութ, չափելու համար ամերիկեան կողմի «ջերմութիւն»ը։

Խաղը Լիբանանէն վեր է, իսկ Ռիատ Սալամէի իր պաշտօնին վրայ մնալը ապահովուած է հակաիրանեան թեւին կողմէ, որուն համար այլեւս գետին կամ քար կորսնցնելը կրնայ մահացու ըլլալ ո՛չ միայն այդ կողմին, այլեւ՝ Լիբանանին համար։

Մինչ Լիբանանի դիմադրութիւնը կը յայտարարէ, որ իրենք պիտի դիմանան, բայց վերջին խօսքը հիմա ալ փողոցինն է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022