ԹԻՖԼԻԶԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ ԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի շաբաթավերջի հանդիպման լոյսին տակ հեռախօսազրոյցներու երթեւեկը խտացած է։ Մինչ Ուաշինկթըն, Փարիզ եւ Պրիւքսել ողջունեցին այդ տեսակցութիւնը, երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյցներ ունեցան Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Պայրամով քննարկեցին Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Լաւրով-Պայրամով զը-րոյցի ընթացքին ալ կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցերու շուրջ՝ ներառեալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Կողմերը ընդգծեցին համապատասխան աշխատանքներու շարունակումը՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ընդունուած եռակողմանի յայտարարութիւններու դրոյթներուն հիման վրայ։

Հարկ է նշել, որ Ճէյհուն Պայրամով վերջին օրերուն այցելած էր Պրիւքսել, ուր յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022