ՍՊԻՏԱԿ ԲԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱԼՐՈՒՄ

Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը, որ արդէն թեւակոխած է իր դարադարձը, այս տարի 790 շրջանաւարտ տուաւ։ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին ջերմ ծափերով ողջունուեցան այն 790 շրջանաւարտները, որոնք կը համալրեն սպիտակ բանակի շարքերը։

Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ համալսարանի վերատուսուչ Արմէն Մուրատեան, որ յայտնեց, թէ վկայեալներու կոչումն է բժիշկ, իսկ նշանաբանը՝ կեանքը։

Աւարտականի երեկոյթը եզրափակուեցաւ երաժշտական յայտագրի գործադրումով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022