ԷՐՏՈՂԱՆ-ՄԻՑՈԹԱՔԻՍ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։ Երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն անդրադարձան Աֆղանիստանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ կանգ առին հաւանական գաղթի ալիքին վրայ։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններէն, անոնք կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ տարածքաշրջանային օրակարգի նիւթերուն շուրջ։ Էրտողան եւ Միցոթաքիս փոխադարձաբար իրարու կարեկցանք յայտնեցին՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի մէջ պատահած վերջին անտառային հրդեհներուն բերումով։

Նախագահ Էրտողան զրոյցի ընթացքին դիտել տուաւ, որ Աֆղանիստան հերթական անգամ նուրբ ժամանակաշրջանէ մը կ՚անցնի եւ Թուրքիոյ սպասումն է, որ այնտեղ հարթ անցումային շրջան մը տեղի ունենայ։ Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուելիք նոր կառավարութիւնը պէտք է ցոլացնէ երկրի ժողովուրդի զանազանութիւնը, պէտք է ըլլայ համընդգրկուն ու ներկայացուցչական։ Այս առումով Էրտողան յուսալի նկատեց, որ Թալիպանի իշխանութիւնները անցումային շրջանի վերաբերեալ նախկին կարգ մը ղեկավարներու հետ տեսակցութիւններ կ՚ունենան։ Ըստ Էրտողանի, եթէ Աֆղանիստանի մէջ հարթ անցումային շրջան մը տեղի չունենայ, ապա գաղթականաց հոսքի ճնշումը աւելի պիտի բարձրանայ։ Այդ ճնշումը առանց այդ ալ արդէն բարձր մակարդակի վրայ է։ Այս երեւոյթը բոլորի տեսակէտէ լուրջ մարտահրաւէրի մը պիտի վերածուի։ Էրտողանի խօսքով՝ Եւրոմիութիւնը օժանդակութիւն ցոյց պէտք է տայ Աֆղանիստանի ժողովուրդին, Աֆղանիստանի մէջ եւ հարեւան երկիրներուն՝ մասնաւորապէս Իրանին։ Արդարեւ, եթէ Աֆղանիստանի եւ Իրանի մէջ անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցները ձեռք չառնուին, ապա գաղթականաց նոր ալիքը, անխուսափելի պիտի դառնայ։ Թուրքիա այս առումով շփման մէջ է Իրանի հետ եւ այդ երկրի հետ սահմաններուն վրայ յաւելեալ նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնուին։ Նախագահ Էրտողան, ընդգծեց, որ գաղթի խնդրին շուրջ համագործակցութիւնը յառաջ պէտք է տարուի փոխադարձ ըմբռնումով եւ շահերու հիման վրայ։

Միցոթաքիսի հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան մատնանշեց նաեւ, որ Թուրքիա Եւրոմիութենէն կ՚ակնկալէ՝ 18 մարտի համաձայնութենէն բխած պարտաւորութիւններու անկեղծ ձեւով կատարուիլը։ Թրքական կողմը մանաւանդ կ՚ակնկալէ անկեղծ համագործակցութեան ոգիի մը դրսեւորուիլը։ Արդարեւ, Էրտողան համոզուած է, որ Թուրքիան անվտանգ երրորդ երկիր մը հռչակելը, միջազգային պատասխանատուութիւնները չի վերցներ։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021