ԼԱՒՐՈՎ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑԵԼԵԼ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուս նախարարը նշանակման կապակցութեամբ բարեմաղթութիւններ յղեց հայ պաշտօնակցին։ Լաւրովի նամակին մէջ բարձր գնահատուած է խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին վրայ Արարատ Միրզոյեանի ունեցած ներդրումը Հայաստան-Ռուսաստան արդիւնաւէտ միջխորհրդարանական կապերու զարգացման ուղղութեամբ։ Այժմ կ՚ակնկալուի, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ սերտ, բազմաբովանդակ համագործակցութեան ապագայ յառաջմղումը եւս ամրապնդուի, ինչ որ կը բխի Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու առանցքային շահերէն։

Շնորհաւորականին մէջ Սերկէյ Լաւրով վստահութիւն յայտնած է, թէ տարածքաշրջանային հարցերու լուծման գործին մէջ Մոսկուայի եւ Երեւանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, բազմակողմանի հարթակներու վրայ դիրքորոշումներու համաձայնեցուածութիւնը եւ Եւրոասիոյ տարածքարշջանէն ներս համարկման նախագծերու անշեղ իրագործումը ապագային եւս պիտի նպասեն յարաբերութիւններու դաշնակցային ոգիի եւ բարեկամութեան ամրապնդման։

Բարեմաղթութիւններու առընթեր, Սերկէյ Լաւրով Մոսկուա այցելել հրաւիրած է Արարատ Միրզոյեանը՝ յարմար ժամկէտներու մէջ։

Մինչ այդ, հայկական դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած է Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանի հետ։ Երկու նախարարները ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին եւ այս առթիւ ընդգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերսկսումը կը համարուի անհրաժեշտութիւն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Սա համապարփակ ու տեւական կարգաւորման գրաւականը կը համարուի։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021