ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին շնորհաւորական մը ուղարկեց՝ ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը։

*

Վեհափառ Տէր,

Ձեր ծննդեան օրուան  նախօրեակին ձեզի կը յղեմ առողջութեան եւ արեւշատութեան իմ ջերմ բարեմաղթանքները։

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եղած է եւ կը մնայ մեր ազգային ինքնութեան  կարեւորագոյն հիմնասիւներէն մին, մեզ միաւորող առանցքը, մեր հաւատքի, պատմութեան ու աւանդութիւններու շարունակական ներկայութիւնը ապահովողը մեր արժեհամակարգին մէջ, մեր մշակոյթին, մեր ներաշխարհին մէջ։

Ձեր հայրապետութեան շուրջ քսաներկու տարիներուն ընթացքին մեր եկեղեցական կեանքը աշխուժութիւն կ՚ապրի՝ անցեալի արժեւորումով, ներկայ գործունէութեամբ եւ ապագայի տեսլականով։ Անցեալ քսաներկու տարիները Հայ Եկեղեցւոյ համար եղած են զօրացման, բարեփոխման, եկեղեցաշինութեան տարիներ։ Այդ ընթացքին քայլերու ձեռնարկուած են՝ միտուած Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու եւ եկեղեցական կեանքը կանոնակարգելու։ Որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ձեր գահակալութեան յատկապէս այս վերջին տարիները կը համընկնին ժամանակահատուածի մը, երբ մեր երկիրն ու ժողովուրդը կ՚անցին բազում դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու միջով։

Որեւէ դժուարին իրավիճակ յաղթահարելու մէկ ճանապարհ կայ՝ միասնութիւնը։ Ներկայիս յարափոփոխ աշխարհի մէջ մարդկութիւնը ի թիւս այլ ճգնաժամերու, նաեւ ինքնութեան ճգնաժամ կ՚ապրի։ Առկայ մարտահրաւէրներն ու խնդիրները առաւել քան կարեւոր կը դարձնեն համախմբումը հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու շուրջ, որոնք մնայուն են նաեւ մեր եկեղեցւոյ շնորհիւ։

Մեր ժողովուրդը  կարիք ունի յոյսի, հաւատի եւ վստահութեան, կարիք ունի բարոյական մաքրութեան, համերաշխ ու միասնական կեցութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան, կարիք ունի վերածնունդի ու վերարժեւորման։ Գնահատելի է, որ մխիթարութեան, ոգեւորութեան ու աջակցութեան խօսքերու հետ միասին, որպէս հայերանսիրութեան իւրատեսակ դաս, այս մասին կը հնչեցուին նաեւ Վեհափառի կողմէ։

Թող ձեր հայրապետական հոգածութիւնը այսուհետ եւս աջակից եւ սատար ըլլայ մեր երկրին ու ժողովուրդին՝ ի շահ մեր հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան, ժողովուրդ-պետութիւն-եկեղեցի փոխյարաբերութիւններու ամրապնդման։

Կը մաղթեմ ձեզի հոգիի ամրութիւն եւ ամենայն բարիք։

Այս առաւօտ ալ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած է Վեհափառ Հայրապետին հետ։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021