ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՉԷ ՓԱՓԱՔԱԾ ԻՐ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ՆՇՈՒԻԼԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան տուած բացատրութիւններուն մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան բանբերը տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետի մասնաւոր փափաքով իր յոբելենական 70-րդ տարեդարձը պիտի չնշուի եւ այս առիթով որեւէ ձեռնարկ տեղի պիտի չունենայ։

«Օգոստոսի 21-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տարեդարձն է, կը լրանայ Հայրապետի ծննդեան 70-ամեակը, սակայն, ելնելով բոլորին յայտնի հանգամանքներէն, Վեհափառ Հայրապետի մասնաւոր ցանկութիւնով յոբելեանը պիտի չնշուի եւ որեւէ միջոցառում պիտի չիրականացուի։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը այս առթիւ իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները յղած է համայն մեր ժողովուրդին եւ կ՚աղօթէ Հայաստան եւ Արցախ հայրենի մեր աշխարհի խաղաղութեան, ապահով եւ անվտանգ կեանքին համար», նշեց տէր հայրը։

Միեւնոյն ժամանակ երէկուան բացատրութիւններուն մէջ, Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան տեղեկացուց, որ ներկայիս Նորին Սրբութիւնը ճամբորդութեան մէջ է։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի վերաբերեալ ծրագիրներու բերումով ան գտնուած է Զուիցերիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ։ Այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Զուիցերիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքին հետ։ Իսկ Աւստրիոյ մէջ Նորին Սրբութիւնը տեսակցած է Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Վիեննայի կարտինալին՝ Քրիստոֆ Շէօնպէօրնի հետ։

Այս աշխատանքային հանդիպումներուն կը յաջորդեն Նորին Սրբութեան արձակուրդային օրերը, որոնցմէ վերջ ան օգոստոսի 25-ին վերադարձած պիտի ըլլայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021