ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԷԿ ԾԱՂԿԵՓՈՒՆՋՈՎ ՄԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՄԵՐՔԵԼԸ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը։ Մոսկուայի մէջ ռուս ղեկավարը ծաղկեփունջով մը դիմաւորեց գերմանացի շանսէօլիէն, որ յառաջիկայ ամիս արդէն մեծ քաղաքականութենէ պիտի հեռանայ։ Սա Անկելա Մերքելի քսաներորդ այցելութիւնն էր դէպի Ռուսաստան։ Սա միեւնոյն ժամանակ Մերքելի վերջին այցելութիւնն էր՝ Գերմանիոյ վարչապետի հանգամանքով։

Սեպտեմբերի 26-ին Գերմանիոյ մէջ նախատեսուած են խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Տակաւին 2018 թուականին Անկելա Մերքել յայտնած էր, որ պիտի չմասնակցի Պունտեստաքի ընտրութիւններուն ու վարչապետի պաշտօնին համար վերստին պիտի չառաջադրուի։ Տասնվեց տարիներու՝ որպէս վարչապետ գործունէութեան ընթացքին Անկելա Մերքել արդէն քսաներորդ անգամ այցելեց Ռուսաստան։ Վլատիմիր Փութին եւ Անկելա Մերքել քննարկեցին բազմակողմանի խնդիրներ։ Տեսակցութենէն առաջ յայտարարուած էր, որ երկկողմանի տնտեսական կապերու զարգացումը, Ուքրայնոյ հիմնախնդիրը եւ միջազգային օրակարգի այլ հրատապ նիւթերու ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին երկու ղեկավարներուն կողմէ։

Բուն բանակցութիւններու սկսելէն առաջ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ Վլատիմիր Փութին ջերմ խօսքերով արտայայտուեցաւ Անկելա Մերքելի մասին։ «Գերմանիա Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ Ռուսաստանի հիմնական ու վստահելի գործընկերներէն մին է, երկրորդը՝ Չինաստանէն վերջ։ Այս ուղղութեամբ մեծ նշանակութիւն ունի ձեր ներդրումը։ Թէպէտ 2020-ին բաւական լուրջ անկում մը արձանագրուած է, այս տարուան առաջին կիսամեակին ապրանքներու շրջանառութիւնը կրկին աւելցած է», ըսաւ Փութին Մերքելը ողջունելով։

Իր կարգին, գերմանացի շանսէօլիէն նշեց, որ հակառակ առկայ բարդութիւններուն ու տարաձայնութիւններուն, Պերլին միշտ կը ձգտի երկխօսութիւնը պահպանել Մոսկուայի հետ։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին-Մերքել զրոյցի աւարտին տեղի ունեցաւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս փուլին երկու ղեկավարները  արժեւորումներով հանդէս եկան Աֆղանիստանի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ Փութին համոզուած է, թէ պէտք է կանխել այդ երկրի քայքայումը։ «Ներկայիս ամենակարեւոր հարցն է, որ ահաբեկիչները Աֆղանիստանէն ապաստանեալի տեսքով չներթափանցեն հարեւան երկիրներու տարածքը», ըսաւ Փութին եւ աւելցուց, որ անկարելի է յաջող նկատել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի գործողութիւնները Աֆղանիստանէ ներս։ Փութին շարունակեց. «Մենք գիտենք, թէ ինչպէս է այդ երկրի կարգ ու կանոնը եւ այդ երկրին տեսակէտէ ոչ-սովորական ղեկավարման եւ ընկերային կենցաղ պարտադրելու ջանքերը որքան անարդիւնաւէտ կ՚ըլլան»։

Իր կարգին, ասուլիսի ընթացքին Մերքելն ալ դիտել տուաւ, պէտք է փորձել բանակցութիւններ վարել Թալիպանի իշխանութիւններուն հետ։ Միեւնոյն ժամանակ օժանդակութիւն պէտք է ցուցաբերել, որպէսզի երկիրը կարողանան լքել բոլոր անոնք, որոնց կեանքը վտանգուած է։ Մերքել  ընդգծեց, որ իրենց առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուի՝ Գերմանիոյ հետ համագործակցած աֆղաններուն օժանդակութիւն ցուցաբերուիլը։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021