ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՁԵՌՆԱՐԿ

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 27-րդ տարեդարձն է։ Հայոց անկախ պետականութեան հռչակման տարեդարձը կը նշուի աւանդական շուքով։ Մինչ այդ, այս տարի Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձի օրուան գրեթէ կը զուգադիպի աննախընթաց ձեռնարկ մը։ Այսինքն, Հայաստանի Անկախութեան 27-րդ տարեդարձը կը բնորոշուի եզակի ցուցահանդէսով մը, որ վաղը պաշտօնապէս պիտի բացուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ։ Այս ցուցահանդէսը կը կոչուի «Հայաստան», որ կը ցոլացնէ համահայկական վիթխարի ժառանգութիւնը՝ իր ամբողջութեան մէջ։ Խոշորագոյն այս իրադարձութեան իրականացման համար Հայաստանի պիւտճէէն գումար չէ ծախսուած։ Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է շարք մը բարեգործական ընկերութիւններու աջակցութեամբ։

Այս ցուցահանդէսի բացման նախօրեակին Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց, Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Գրիգոր Գրիգորեան, Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանէն ներս ներկայացուելիք նմոյշները ուղարկուած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն, Մատենադարանէն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Բաց աստի, ցուցահանդէսին համար նմոյշներ տրամադրուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, Մխիթարեան միաբանութեան, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի թանգարանէն եւ այլ թանգարաններէ։

Երեւանի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լիլիթ Մակունց ըսաւ. «Ցուցահանդէսը նուիրուած է հայ ժողովուրդի գեղարուեստական եւ մշակութային ձեռքբերումներուն համաշխարհային համատեսքի մէջ՝ քրիստոնէութեան ընդունումէն մինչեւ 17-րդ դար։

Նախարար Մակունց մատնանշեց, որ ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումէն առաջ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար տեղի կ՚ունենայ մասնաւոր մամլոյ ասուլիս մը, կը կազմակերպուին հարցազրոյցներ, որոնք այս խոշորագոյն իրադարձութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը գագաթնակէտին հասցնելու նպատակը կը հետապնդեն։

Սոյն ցուցահանդէսը համադրած է բիւզանդագէտ Տքթ. Հելէն Էվընս, որ երկար տարիներ աշխատած է Երեւանի մէջ։ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 13 յունուար 2019 թուականը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2018