ԷՆԻՍ ՊԷՐՊԷՐՕՂԼՈՒ ԲԱՆՏԷՆ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ

Լրագրող-հրապարակագիր, «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի նախկին հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն, երեսփոխան (ՃՀՓ) Էնիս Պէրպէրօղլու, որ միջոցէ մը ի վեր բանտարկուած էր, երէկ ազատ արձակուեցաւ Վճռաբեկ ատեանի որոշմամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ատեանի 16-րդ պատժական բաժանմունքը հաստատեց Էնիս Պէրպէրօղլուի համար սահմանուած՝ 5 տարի 10 ամիս ազատազրկման դատավճիռը։ Ան այս պատիժին ենթարկուած էր «գաղտնի պահուելիք տեղեկութիւնները հրապարակած ըլլալու» յանցանքին բերումով։ Վճռաբեկ ատեանը, այդ պատիժը վաւերացնելով հանդերձ, կասեցուց անոր գործադրութիւնը՝ մինչեւ Էնիս Պէրպէրօղլուի՝ որպէս երեսփոխան պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտը։ Այսպէսով ան ազատ արձակուեցաւ 16 ամսուան բանտարկութենէ վերջ։

Բանտէն դուրս գալէ վերջ, Էնիս Պէրպէրօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2018